ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիա Օգոտսոս 23ին վերաբացաւ Թեհրանի մօտ իր դեսպանատունը։ Արարողութեան ներկայ եղաւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ, որ յայտարարեց, թէ Իրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան աշխատանքներու վերսկսումը կարեւոր քայլ է երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ:
Թեհրանի մէջ բրիտանական դեսպանատունը փակուած էր 2011ին, երբ ծայրայեղականներու կողմէ յարձակումի մը ենթարկուած էր անիկա՝ Իրանի դէմ Արեւմուտքին դրած պատժամիջոցներուն պատճառով: 2013ին, երկու երկիրները վերականգնած էին իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները՝ նշանակելով ժամանակաւոր հաւատարմատարներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.