ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտնեց, որ Թուրքիա «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ աւելին պէտք է ընէ: Ան գնահատեց ամերիկեան օդանաւերուն համար իր ռազմակայանները օգտագործելու Թուրքիոյ տուած արտօնութիւնը, սակայն աւելցուց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան ղեկավարները Անգարայի հետ «աշխոյժ քննարկումներ» կը կատարեն՝ Թուրքիոյ սահմանէն իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն՝ Իրաք եւ Սուրիա ներթափանցման արգելք հանդիսանալու համար: «Ասիկա պէտք է կատարուի: Արդէն ուշացած է, որովհետեւ պայքարին սկիզբէն ի վեր մէկ տարի անցած է: Սակայն ներկայիս թուրքերը նկատառելի ջանքեր կը ցուցաբերեն, ներառեալ՝ ռազմակայաններու օգտագործումը արտօնելը մեզի», ըսաւ ան Փենթակոնի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ապա աւելցուց. «Ատիկա կարեւոր է, սակայն՝ ո՛չ բաւարար»։
Միւս կողմէ, «Հիւրրիյէ»չ կը հաղորդէ, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւն գոյացուցած են՝ սուրիական Ճարապլուս եւ Մարէ քաղաքներուն միջեւ երկարող տարածքը մաքրելու «Իսլամական պետութեան» ներկայութենէն եւ զայն Սուրիական ազատ բանակին յանձնելու: Ծրագիրին համաձայն՝ թրքական ռազմական օդանաւեր պիտի միանան նշեալ շրջանը ծայրայեղականներէն ազատելու համար կատարուող օդային հարուածներուն, իսկ երկու երկիրները պիտի աջակցին տեղւոյն ընդդիմադիր ուժերուն: Ծրագիրը նաեւ կը նախատեսէ Թուրքիոյ մէջ գտնուող գաղթականներ կամաւորաբար ուղարկել այդ շրջանը:
Փաստաթուղթը կը խուսափի նշելէ «Իսլամական պետութեան» դէմ կռուող քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան անունը, սակայն երկու երկիրները բերանացի համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ նշեալ կուսակցութեան պիտի չարտօնուի Եփրատ գետէն դէպի արեւմուտք անցնիլ, ինչպէս նաեւ առիթ պիտի չտրուի, որ այդ կուսակցութիւնը կամ Սուրիոյ բանակը «Իսլամական պետութենէն» դատարկուած շրջանները լեցնեն: Թուրքիա Միացալ Նահանգներուն յայտնած է, որ պիտի հարուածէ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը, եթէ Եփրատ գետը անցնի, նոյնիսկ եթէ ան Թուրքիան թիրախ չդարձնէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.