Հանգուցեալ Հայկանոյշ Նունուֆար (Նունիկ) Չիթճեան-Աբէլեան ծնած էր Գահիրէ, 8 Մարտ 1938ին, Գրիգոր եւ Արուսեակ Չիթճեաններու ընտանեկան յարկին տակ:
Յաճախած է Գահիրէի Գալուստեան Ազգ. վարժարանը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարան ու երկրորդականի բարձրագոյն կարգ, ստանալով համապատասխան աւարտական վկայական: Տարիներով շահած է իր դասարանին առաջնութիւնը: Եղած է ուշիմ եւ աշխատասէր ուսանող մը, հետեւաբար՝ Գալուստեան Ազգ. վարժարանը աւարտելէն ետք կրցած է ստանալ «Եղիայեան սանուց կրթաթոշակ», ուսանելու համար Ամերիկեան աղջկանց քոլեճին մէջ (American College for Girls), զոր բարձր նիշերով աւարտելէ ետք ստացած է համապատասխան աւարտական վկայական, ապա՝ իր հօրը խրախուսանքով, իբրեւ երախտագիտութեան նշան, երկու տարի դասաւանդած է յիշեալ Ազգ. վարժարանին մէջ:
Աւելի ուշ հետեւած է նաեւ հաշուակալական դասընթացքներու:
Հայկանոյշի ընտանիքը կը բնակէր Գահիրէի Պէյն ըլ Սուրէյն թաղամասը, շատ մօտ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Ծնողքը իր չորս զաւակները վարժեցուցած էր Ս. Աստուածածին եկեղեցի յաճախելու եւ դպրութիւն ընելու: Հայկանոյշ տարիներով շարունակած է այս վարժութիւնը, մինչեւ ընտանիքին տեղափոխուիլը Հելիոպոլիս, յաճախ գլխաւոր տօնական օրերուն կարդալով ընթերցուածներ, մասնաւորաբար «Դանիէլ»ի ընթերցուածը, եգիպտահայոց մէջ անուանի երաժիշտ-դպրապետ Ղազարոս Ղազարոսեանի հսկողութեամբ։
Հազիւ երկու-երեք տարեկան հասակին, իրմէ տասը տարիով մեծ քոյրը՝ Մարօն, սկսած է «Նունիկին» – ինչպէս կը կոչէին զինք իր հարազատները – սորվեցնելու հայերէն Այբուբենը՝ զինք նստեցնելով տան սենեակներու տախտակէ դռներէն որեւէ մէկուն դիմաց, դուռը գործածելով որպէս գրատախտակ եւ ձեռքը տալով կաւիճ ու սպունգ՝ տառերը յաճախակիօրէն գրել ու սրբելով սորվելու համար… Մեծ եղած է Մարոյի հոգատարութիւնը իրեն, ամէն տեսակէտով, հանդիսանալով «երկրորդ մայր» մը Հայկանոյշին համար:
Ութ տարեկանին, իրենց դրացի Զարեհ եւ Շաքէ Չելիքճեանները կը մօտենան Հայկանոյշի հօր՝ Գրիգոր Չիթճեանին, խնդրելով անոր արտօնութիւնը փոքրիկն Հայկանոյշը ամէն շաբաթ իրենց հետ Գահիրէի «Նաւասարդ սրահ»ը տանելու եւ զինք անդամ արձանագրելու սրահի պատանուհիներու խումբին: Խորապէս հայրենասէր ու ազգասէր հայրը կու տայ իր համաձայնութիւնը այն պայմանով, որ Չելիքճեանները ամէն շաբաթ իրենց ձեռքով ու պատասխանատուութեամբ Հայկանոյշը տունէն վերցնեն՝ սրահ տանելու, եւ իրենց ձեռքով եւս ապահով կերպով տուն վերադարձնեն զինք:
Տարիներ ետք, այժմ հանգուցեալ գրագէտ Անդրանիկ Ծառուկեան, Հայկանոյշի խնդրանքին ի պատասխան, քրքրելով իր յիշողութիւնը՝ անձնական նամակի մը մէջ հետեւեալ ձեւով բնութագրած է Գրիգոր Չիթճեանը. «Դէմքը պարզ, յստակ, կատարեալ հայու դիմագիծերով, անմիջապէս համակրութիւն ստեղծող, մէկը այն պատուական մարդոցմէ, որոնք, համակ խանդավառութեամբ եւ զոհաբերութեամբ, գործերով, հաւատքով եւ նուիրումով կազմեցին կուսակցութեան ուժը եւ հմայքը»:
Հայկանոյշ, որ մինչեւ իր վերջին օրերը անսահման սէր եւ պաշտամունք կը տածէր իր հօր հանդէպ, հետեւեցած է անոր քայլերուն: Տուած է յաջորդաբար իր Պատանեկանի եւ Երիտասարդացի երդումները, եւ 1959ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի կնքահայրութեամբ՝ անցած է ՀՅԴի շարքերը, խանդավառութեամբ եւ մեծ նուիրումով կատարելով իրեն վստահուած պարտականութիւնները:
Եղած է պատանուհիներու խում-բի վարիչ, ընկերուհիներու գործակցութեամբ ձեռնարկած է Լեւոն Շանթի նուիրուած երեկոյի մը՝ բանախօսութեամբ Կարօ Սասունիի: Եղած է նաեւ պարախումբի անդամ եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է Համազգայինի թատերախումբին՝ վերցնելով կարեւոր դերեր «Ինկած Բերդի Իշխանուհին», «Անթիկոն», «Հարազատ Մարդիկ», «Ուշ Լինի, Նուշ Լինի» (մեներգներով) եւ Վարդանանց նուիրուած թատերախաղերուն մէջ: Անդամակցած է նաեւ մայէսթրօ Երուանդ Ալեքսանեանի երգչախումբին՝ մեներգներով: Ժամանակ մը նաեւ վարած է Եգիպտոսի պետական ռատիօկայանի շաբաթական հայկական յայտագիրի խօսնակի պաշտօնը:
Միշտ սիրուած ու յարգուած եղած է թէ՛ գործի, թէ՛ իր ընկերային շրջանակէն: Փոխադարձաբար, ինք եւս շատ յարգալիր վերաբերմունքով վարուած է իր ընկեր-ընկերուհիներուն հետ, մասնաւորաբար՝ իր ժամանակին Եգիպտոս հաստատուած թէ այցելող երէց ընկեր-ընկերուհիներուն հանդէպ, ինչպիսիք էին Սիմոն Վրացեան, Կարօ Սասունի, Վահան եւ Հերսելիա Նաւասարդեան, Բէգլար Նաւասարդեան, Համօ Օհանջանեան, Բենիամին Թաշեան, Երուանդ եւ Վերժին Խաթանասեան, Սօսէ Մայրիկ եւ ուրիշներ:
1964ին, Հայկանոյշի ծնողքը կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ, միանալու համար իր որդւոյն՝ Նշանին, Նիւ Հէյվըն, Քընեթիքեթ: Յաջորդ տարին անոնց կը հետեւի նաեւ ինք, օգնական եւ սատար ըլլալու իր ալեւորող ծնողքին: Շատ դժուար կ՛ըլլայ իրեն համար բաժնուիլ Եգիպտոսէն, մասնաւորաբար «Սրահ»ի ընկերական կեանքէն: Սակայն շատ չանցած, ինքզինք վերագտնելով՝ ձեռքը կ՛առնէ Նիւ Հէյվընի հեռաձայնի տետրակը եւ էջերը պրպտելով կը սկսի հայերու անուններ փնտռելու: Այս կերպով կը յաջողի շուրջ 30-40 անուն գտնել եւ անոնց հետ ընկերային, ծանօթացման հանդիպումներ կազմակերպել՝ շաբաթական դրութեամբ, մէկուն կամ միւսին տան մէջ:
1973ի Մայիս 8ին, Հայկանոյշ դժբախտութիւնը կ՛ունենայ կորսնցնելու իր աննման հայրիկը: Հարուածը շատ ծանր կ՛ըլլայ թէ՛ իրեն, թէ՛ մօր համար, որ երկար տարիներ խոր սիրով կապուած էր իր ամուսնոյն: Երկուքով կ՛անցընեն շատ դժուար օրեր:
Նոյն 1973 տարուան Դեկտեմբերի 22ին, Հայկանոյշ կ՛ամուսնանայ Գալուստեան Ազգ. վարժարանի իր դասընկերոջ՝ Եդուարդ Աբէլեանի հետ, եւ իր ծնողաց օրինակով, անոր հետ կ՛ապրի երջանիկ ու համերաշխ ընտանեկան կեանք մը: Ան միշտ մեծ հիացմունքով կը խօսէր իր ծնողքին ամուսնական կեանքին մասին, թէ ինչպէ՛ս, սկիզբէն մինչեւ վերջ, համերաշխ, սիրով ու յարգանքով եղած են իրարու հետ, ու միշտ ցանկութիւն կը յայտնէր ի՛նք եւս նոյնպիսի կեանք մը ունենալու։
1975ի Սեպտեմբերին, Հայկանոյշն ու Եդուարդը կը փոխադրուին Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, բարեկամներու օգնութեամբ, կեանքի բարօր պայմաններու ի խնդիր: Արդարեւ, քանի մը շաբաթ չանցած, Հայկանոյշ կը յաջողի իբեւ պաշտօնեայ գործ գտնել Լոս Անճելըսի վերին դատարանին մէջ, եւ շատ կարճ միջոցի մէջ, նոյն տարուան Նոյեմբերին, աւելի յարմար պայմաններով աշխատանքի կ՛անցնի Kaiser Permanente առողջական ապահովագրութեան հաստատութեան մէջ: Միւս կողմէ, Եդուարդ եւս գործի կը սկսի նոյն հաստատութեան մէջ 1976ի Մարտ 8ին՝ Հայկանոյշի ծննդեան տարեդարձին օրը, ինչ որ իբրեւ բարեբախտ նշան կը նկատուի երկուստեք, եւ անոնք ձեռք ձեռքի տուած՝ կը սկսին կարգի դնելու իրենց գործն ու կեանքը, եւ սրտամօտիկ բարեկամներու խրախոյսով ու խորհուրդով, թէեւ՝ հասկնալի մտավախութեամբ ու վարանումով, կը քաջալերուին նոյնիսկ համեստ բնակարանի մը գնման ձեռնարկելու նոյն 1976 տարին:
1986ին, Հայկանոյշ կ՛անդամակցի Հայ Օգնութեան Միութեան Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղին, ուր կարճ շրջան մը ատենադպիրի պաշտօն վարելէն բացի, ութ տարի կամաւորապէս եւ մեծ նուիրումով կը ստանձնէ նոյն մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի գանձապահութեան պարտականութիւնը:
1989ին, Հայկանոյշ իր ձախ կուրծքին վերեւը կը յայտնաբերէ ուռ մը, որուն չարորակ ըլլալը բժշկական քննութեամբ հաստատուելով՝ անյապաղ վիրահատութեամբ յաջողապէս կը վերացուի: Պատճառած հոգեկան տառապանքներուն եւ գործի յաջող աւարտին մեծապէս կը նպաստեն ուռին կանուխ յայտնաբերումն ու Հայկանոյշի արթնմատութիւնը՝ առանց ժամանակ կորսնցնելու բժշկական օգնութեան դիմելը:
Հայկանոյշ խորապէս կապուած էր իր ծնողքին, որուն գլխաւոր հոգատարի պարտականութիւնը ստանձնեց Ամերիկա հաստատուելէն ի վեր՝ ստանալով անոնց օրհնութիւնը: Ամուսնութենէն ետք, իր ամուսինը եւս սիրով միացաւ Հայկանոյշին, հոգատար ըլլալու անոր մօր՝ Արուսեակին, որ մահացաւ Քալիֆորնիա, 1993ի Օգոստոսին, իր ամուսնոյն մահէն քսան տարի ետք: Այդ օրերուն, Հայկանոյշ պատասխանատուութիւն ստանձնած էր յատուկ յանձնախումբի մը օգնութեամբ՝ կազմակերպելու Սեպտեմբերի առաջին օրերուն կայացած Գահիրէի Գալուստեան-Նուպարեան վարժարաններու նախկին աշակերտներու վերահանդիպումը, երբ պատահեցաւ իր մօր մահը: Անձնական վիշտն ու ցաւը սրտին խորը պահած՝ ան իր պարտականութիւնը լիովին կատարեց, յաջող աւարտի հասցնելով հազարէ աւելի դպրոցակիցներու մասնակցութեամբ իրականացած վերահանդիպման ձեռնարկը, որուն զուտ հասոյթը՝ 33,000 տոլար, Հայկական ֆոնտին միջոցաւ յատկացուեցաւ Մայր հայրենիքի օգնութեան, ու ապա միայն ձեռնարկեց իր հանգուցեալ մօր թաղմանական կարգադրութիւններուն:
1994 Դեկտեմբեր 20ին ուրիշ մեծ դժբախտութիւն մը հարուածեց Հայկանոյշը: Transverse Myelitis կոչուած խիստ հազուադէպ պատահող ողնայարի հիւանդութիւնը հարուածեց զինք կրծքավանդակի թիւ 10 եւ 11 (T10 եւ T11) ողներուն միջեւ, սպաննելով անոնցմէ ճիւղաւորած ջիղերը, արգելակելով անոնց կառավարած բնախօսական պաշտօնները եւ զգայազրկելով ու անշարժութեան դատապարտելով մարմինը՝ երկու ողներու մակարդակէն ներքեւ: Զինք խնամող բժիշկները սկզբնապէս յուսատու չեղան: Սակայն շնորհիւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքին, յոյսին ու պայքարելու իր զօրաւոր կամքին, ինչպէս նաեւ չինացի համբաւաւոր բժշկապետ տոքթ. Սոնկֆու Եուանի մշտական քաջալերանքին եւ «Չի-Կոնկ»ի (QiGong) դարմանումներուն՝ ան կրցաւ յարաբերաբար կարճ ժամանակի մը մէջ բաւարար չափով վերականգնել իր ուժերը: Հիւանդութիւնը, անշուշտ, որոշ չափով մնայուն աւեր մը գործեց իրեն վրայ, եւ ան պարտաւորուեցաւ տարի մը ետք աշխատանքէ դադրիլ, սակայն շնորհիւ իր պայքարունակ նկարագիրին եւ լաւատես խառնուածքին, ան մինչեւ վերջ շարունակեց տոկալ, պայքարիլ եւ ըստ յարմարութեան՝ պատշաճիլ կեանքի նոր պայմաններուն: Հիւանդութիւնը պարտադրեց նաեւ, որ ան չկարենայ գործնապէս մասնակցիլ Հայ Օգնութեան Միութեան եւ շաբաթօրեայ վարժարանի աշխատանքներուն:
2008ի Դեկտեմբեր 26ին, իր բնակարանին մէջ անկումի մը հետեւանքով կոտրեց իր կոնքը եւ նոյն օրն իսկ ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան մը: Սակայն այս արկածը զինք տկարացուց եւ պատճառ դարձաւ, որ ան պարտաւորուի յաւելեալ ճիգ ու աշխատանք թափէ՝ իր ուժերը գոնէ մասամբ վերագտնելու համար:
Այս բոլոր դժուարութիւններուն ժամանակ, իր ամուսինը՝ Եդուարդը, միշտ թիկունք ու նեցուկ կանգնած է իրեն, ամէն վայրկեան պատրաստ՝ իրեն օգնութեան եւ խնամքի փութալու: Կեանքը անշուշտ դիւրին չեղաւ երկուքին համար եւս, բայց իրարու հանդէպ անոնց ունեցած մեծ սէրն ու նուիրումը օգնեց դիմագրաւելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները: Արդարեւ, իրենց ամուսնութեան սկիզբէն մինչեւ վերջին շունչը, Հայկանոյշը րոպէ մ՛իսկ չդադրեցաւ ըստ ամենայնի թեւ ու թիկունք կանգնելէ իր ամուսնոյն, կեանքի բոլոր դժուարին պայմաններուն մէջ:
Հինգ տարի առաջ, այսպէ՛ս կը գրէր ան ինքն իր մասին. «Այս ինքնակենսագրութիւնը կը գրուի Յունիս 2011ին, երբ տարիներ առաջուան նոյն ֆիզիքապէս կայտառ, արագաշարժ, առոյգ եւ աշխոյժ Հայկանոյշը (Նունիկը) չեմ այլեւս, բայց տակաւի՛ն կը պահեմ այս հիւանդութեան դէմ պայքարելու ուժն ու կամքը՝ ժպիտը միշտ դէմքիս վրայ, եւ ամուսինիս՝ Եդուարդին, նեցուկն ու քաջալերանքը չեն թողուր, որ առանձին ու լքուած զգամ եւ յուսահատիմ»։
2015ի Սեպտեմբեր 23ին, զգալի չափով յոգնած Հայկանոյշը ուղեղային զօրաւոր արիւնահոսութեան մը հետեւանքով կը փոխադրուի Լոս Անճելըսի Kaiser Permanente հիւանդանոցի խտացեալ դարմանումի (Intensive Care) բաժինը: Հարուածը ուժեղ էր, դարմանումը՝ անհնար. ան չկրցաւ վերագտնել իր ուշքը եւ քսաներկու երկար տարիներու ամէնօրեայ պայքարէ եւ տառապանքէ ետք՝ նոյն հիւանդանոցին մէջ խաղաղօրէն աւանդեց իր հոգին, 30 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, խոր սուգի մատնելով իր ամուսինը, հարազատներն ու բարեկամ-բարեկամուհիները:
Sireli Yetvart, I am very sorry that we lost Haiganoush, she was kind, remarkable personality, friendly, intelligent, always ready to help her school friends, the community and the Armenian organizations.
Life goes on with Haiganoush beautiful memories…God bless. Amen.
Sireli Bedros,
I am touched. She was and still is my pillar of strength.
May God bless you and your loved ones.