ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Գերմանիոյ վարչապետուհի շանսէօլիէ Անճելա Մերքել միօրեայ այցելութիւնով Իսթանպուլ եկաւ: Ձեռքին սակարկութիւններու թղթածրար մը ունէր տիկին վարչապետուհին: Ծանօթ իրողութիւն է, գլխաւորութեամբ Գերմանիոյ, բովանդակ Եւրոպան վերջերս մատնուած է գաղթականներու հոսքին: Սուրիայէն, Աֆղանիստանէն, Իրաքէն, Լիպիայէն եւ Միջին Արեւելքի դեռ բազմաթիւ երկիրներէ ճարահատ մարդիկ կուտակուած են Եւրոպայի սահմաններուն: Իրենց համար փրկութեան վերջին միջոցին հասնելու համար վատնած են այն, ինչ որ ունէին: Կեանքերնին վտանգած են մարդավաճառներու ձեռքին մէջ: Բոլոր ունեցուածքնին տուած են այդ պատեհապաշտներուն, որպէսզի խարխուլ նաւերու մէջ եթէ չընկղմին, քաղաքակիրթ Եւրոպայի մէջ նոր կեանք մը սկսին:
Ահա այս հոսքը կասեցնելու համար է, որ Թուրքիա կու գար Գերմանիոյ վարչապետուհին: Կ՛ուզէր դրամով կաշառել: Երեք միլիառ եուրօ կը խօստանար, գաղթականները Թուրքիա պահելու, անոնց դէպի իր երկիրը հոսքը կանխելու փոխարէն: Կը խոստանար Թուրքիոյ քաղաքացիներուն դէպի Եւրոպա ճամբորդութիւնը դիւրացնող միջոցներ: Կը խոստանար Թուրքիոյ ԵՄի անդամակցութիւնը դիւրացնել: Եւ ի վերջոյ ամենանողկալին՝ գաղթականները Թուրքիա պահելու փոխարէն օրակարգէն դուրս բերել Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը:
Այսպէսով համաշխարհային հայութիւնը անգամ մը եւս ականատես կ՛ըլլար Արեւմուտքին, եւրոպական երկիրներուն խարդախութեան:
Անգամ մը եւս մեր միլիոնաւոր զոհերու յիշատակը եւ անոնց հետ հայազգի արժանապատուութիւնը կը դրուէր շահագործման կեղտոտ սեղանին վրայ: Հայոց պատմութեան դասագիրքի հեղինակները պէտք չէ մոռնան այս ստորին հանդիպման յաջորդ օր Թուրքիոյ թերթերուն մէջ հրատարակուած լուսանկարը: Պետական միտքի յարատեւութեան ապացոյցն է, փաստն է այդ նկարը, ուր Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Դաշնակցական Գերմանիոյ վարչապետուհին բազմած են ոսկեզօծ գահերու վրայ: Ուրախ հպարտութիւն մը կը նշմարուի իրենց դէմքերուն: Փոխադարձաբար ապահոված են կանխատեսած ակնկալութիւնները: Ուսանողը պէտք է իմանայ, որ այդ նկարին նմանը հարիւր տարի առաջ ալ գոյութիւն ունէր: Անցեալի Համիտին կամ Թալէաթին տեղ այսօր տեսէք Էրտողանը, ինչպէս անցեալի Վիլհելմ կայսրի տեղ՝ վարչապետ Մերքելը:
Դար մը առաջ անոնք այսպէս կը ժպտային հայ ժողովուրդի դիակներուն կոխած, իսկ այսօր ամբողջ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներն են իրենց ոտքերուն տակ:
Երկար ու խորունկ վերլուծումները թողունք «քաղաքական վերլուծաբան»ներուն, մենք եղելութեան գիտակցինք սուրիացի մանուկի մը ընդվզումով. «Եթէ չէք ուզեր, որ ձեր երկիրը գանք, դադրեցուցէք մեր երկրին մէջ ձեր յարուցած պատերազմը»:
Այսքան պարզ ու յստակ է ամէն ինչ: Այսօր ով ինչ որ ըսէ նշանակութիւն չունի: Ապագայ սերունդները շատ աւելի յստակ պիտի գիտակցին մերօրեայ անցուդարձերուն: Պիտի տեսնեն, թէ այսօր այդ ոսկեզօծ գահերուն բազմածներու ձեռքերը թաթխուած են ժողովուրդներու արիւնին: Բայց վստահ եղէք, որ հարիւր տարի ետք ուրիշ դերակատարներ նոր սակարկութեան սեղաններ պիտի բանան, այս նիւթերը բարձիթող ընելու համար:
Եւ շատ հաւանական է, որ պիտի չվարանին նոյն ոսկեզօծ գահերուն բազմած լուսանկարուելէ:
pakrates@yahoo.com