ԵՐԵՒԱՆ.– 2-3 Նոյեմբերի գիշերը նկատուած է, որ հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտումները աւելցած են: Այս մասին փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նշուած ժամանակաշրջանին, համաձայն նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան, ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 110 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ, ինչպէս նաեւ 60 մմ. ականանետէ (18 արկ) եւ ՌՊԳ-7 տիպի նռնականետէ (6 արկ), հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1800 կրակոց:
«Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը տիրապետում են իրադրութեանն առաջնագծում եւ շարունակում վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.