ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբերի առաւօտուն, ԳՈՀԱՐ երգչախումբին մաս կազմող շուրջ 200 անդամ-անդամուհիները այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք, առաջնորդութեամբ երգչախումբի հիմնադիր Գոհար Խաչատուրեանի եւ իր երեք զաւակներուն՝ Յարութ, Շահէ եւ Նար Խաչատուրեաններուն: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայ պետական երեսփոխանները:
Վեհափառը ողջունելով ԳՈՀԱՐ երգչախումբին ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, բարձր գնահատեց հայ երաժշտութեան գոհարները մեր ժողովուրդին տանելու իրենց առաքելութիւնը: Հայրապետը իր խօսքին մէջ նաեւ ընդհանուր արժեւորումը կատարելով ԳՈՀԱՐ երգչախումբի ելոյթներուն, անդրադարձաւ անոր երաժշտական բարձր որակին, եւ դասականը ու արդիականը, անցեալը ու ներկան ներդաշնակօրէն իրարու ընդելուզող իր գնահատելի ճիգին:
Այս առիթով կաթողիկոսը իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց Խաչատուրեան ընտանիքին, որ ոչ միայն հիմնադիրն է եղած «Գոհար» երգչախումբին, այլ նաեւ կը նպաստէ ԳՈՀԱՐի առաքելութեան առաւել ծաւալման ու ծաղկման: Եւ որպէս իր սիրոյն ու գնահատանքին գործնական արտայայտութիւն, հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց Գոհար Խաչատուրեանը, այս պարգեւատրումին ճամբով իր գնահատանքը արտայայտելով Խաչատուրեան ընտանիքին եւ ԳՈՀԱՐ երգչախումբին: