ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլիզապէթ Թրիւտօ յայտնած է, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է Նոյեմբեր 1ին Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ստեղծած իրավիճակով:
«Կը ցաւինք, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը չէ արտօնած ԵԱՀԿին, որ անհրաժեշտ թիւով դէտեր ուղարկէ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ կառոյցը չէ կրցած հետեւիլ ընտրութիւններուն: Առանց անոր, մենք չենք կրնար ըսել, թէ Ատրպէյճան կրցած է յառաջընթաց ապահովել», յայտարարած է Թրիւտօ:
Անոր համաձայն՝ իրենք տակաւին մտահոգ են, որ Ատրպէյճանի մէջ կը տիրէ քաղաքական սահմանափակումներու մթնոլորտ՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղելով, որ յարգէ խաղաղ ցոյցերու ազատութիւնը եւ անկախ կարծիքները, ներառեալ՝ լրատուամիջոցներու, ինչ որ Ատրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւններուն մէկ մասն է։ Թրիւտօ աւելցուցած է, թէ Պաքու պէտք է ԵԱՀԿի հետ գործակցութիւնը վերահաստատէ:
Միւս կողմէ, Եւրոպական խոր-հրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց գրած է, որ Ատրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւնները չեն համապատասխանած վստահելի չափանիշներու: «Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութիւնը, ազատութիւնն ու բազմակարծութիւնը կը խոչընդոտուին», ըսած է ան: