ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան ժամը 6ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան միջեւ գործընկերութեան յուշագիրի ստորագրութիւն՝ ներկայութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի պատուիրակութեան:
Հրատարակչատան մուտքին ցուցադրուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Երեւանի պետական համալսարանի վերջին հրատարակութիւնները:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ սոյն հանդիպումին ներկաները համախմբողը միայն հայ գիրն ու գրականութիւնը չէ: 85 տարիներ վերջ այս 2 հաստատութիւնները համախմբողը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կրթութեան եւ լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանն է, որ եղած է հիմնադիրը Երեւանի պետական համալսարանին, ինչպէս նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ անոր հրատարակչատան, որ յառաջիկայ տարի կը բոլորէ իր 85ամեակը: Հաւաթեան նկատել տուաւ, որ առաջին յարգանքը եւ առաջին նուաճումը կը պարտինք Նիկոլ Աղբալեանի, իր նախաձեռնութեան, որոշումներուն եւ անդուլ աշխատանքին՝ հայութեան բոլոր հատուածներուն մէջ:
Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչատան տնօրէն Կարէն Գրիգորեան իր կարգին խօսք առնելով՝ ներկայացուց համալսարանի հրատարակչատան տարած գործունէութիւնը: Ան յայտնեց, որ 1919 թուականին հիմնադրուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանը, եւ յստակ էր, որ յաջորդող տարիներուն պէտք էր հրատարակուէին գիրքեր, դասագիրքեր, ուսումնական եւ կրթական ձեռնարկներ: 1920 թուականին համալսարանին մէջ տպագրուած է առաջին դասագիրքը, որ հոգեբանութեան դասագիրք էր, նաեւ՝ առաջին թերթը: Ան նկատել տուաւ, որ համալսարանի հրատարակչութիւնը այս տարի նշած է իր 95ամեակը՝ աւելցնելով, որ տարիներու ընթացքին իրենց հրատարակչական աշխատանքները տարբեր ուղղութիւններով ընթացած են. հրատարակուած են արժէքաւոր բառարաններ, ինչպէս՝ հայոց լեզուի «Հայկազեան Բառարան»ը, Մալխասեանի «Հայերէնի Բացատրական Բառարան»ը, Հրաչեայ Աճառեանի «Արմատական Բառարան»ը, Աշոտ Սուքիասեանի «Հոմանիշներու Բացատրական Բառարան»ը, «Գրաբարի Բառարան»ը, «Արեւմտահայերէնի Բառարան»ը, լեզուներու բառարաններ: Կարէն Գրիգորեան ըսաւ, որ վերջերս լոյս տեսած է նաեւ հայերէն-անգլերէն եւ անգլերէն-հայերէն ցեղասպանագիտութեան բառարանը, ուր զետեղուած են ցեղասպանութեան առնչուող բոլոր բառերը: Շարունակելով իր խօսքը՝ Գրիգորեան յայտնեց, որ համալսարանի հրատարակչական ուղղութիւնը զարգացած է նաեւ գեղարուեստական աշխատանքներու հրատարակութեամբ: Ան անդրադարձաւ վերջին տարիներուն համալսարանին իրականացուցած հիմնական աշխատանքներուն, ինչպէս՝ գիրքերու թուայնացման աշխատանքները, ելեկտրոնային գիրքերու ստեղծումը: Խօսելով «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ համագործակցութեան մասին՝ ան նշեց, որ կողմերը քննարկած են ելեկտրոնային գիրքեր ստեղծելու հարցը, ինչպէս նաեւ միացեալ հրատարակութիւններու իրականացման կարելիութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ հայոց պատմութեան դասագիրքի հրատարակութիւնը: Գրիգորեան ըսաւ, որ համալսարանին հրատարակած գիրքերը կարելի է գտնել Համազգայինի գրախանութին մէջ՝ աւելցնելով, որ համալսարանը համագործակցութեան մէջ է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գրադարանին եւ հրատարակչութեան հետ եւ մտադրած են իրենց գիրքերէն նուիրել կաթողիկոսարանին, նաեւ մասնագիտական գիրքեր հրատարակել համագործակցութեամբ կաթողիկոսարանի հրատարակչութեան:
Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան ելոյթ ունենալով՝ հպարտանքի եւ ուրախութեան պահ նկատեց սոյն հանդիպումը: Ան նկատել տուաւ, որ փոխադարձ կապերու ամրապնդումը կարելիութիւն կու տայ երկու կողմերուն ծանօթանալու հայագիտական մարզին մէջ եղող հարցերուն, որոնք տարիներու ընթացքին կ՛աւելնան: Ան առաջարկեց, որ յառաջիկային ոչ-հայագիտական գիրքեր ալ հրատարակուին:
Աւարտին Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչատան տնօրէն Կարէն Գրիգորեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան ստորագրեցին համաձայնագիրը: