ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Նոր Հայաստան» հանրային փրկութեան ճակատի աջակիցները 8 Դեկտեմբերին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղադրած են վրան մը, որ շուտով վերցուած է ոստիկաններուն կողմէ։
Ոստիկաններուն առած քայլէն ետք խառնաշփոթ վիճակ ստեղծուած է հրապարակին վրայ, բայց եւ այնպէս Ընդդիմութեան միասնական ղեկավարման մարմինի ղեկավար Ժիրայր Սէֆիլեան հաւաքուած քաղաքացիները յորդորած է դիմադրութիւն ցոյց չտալ ոստիկաններուն:
«Հերթական անգամ ցոյց տուեցինք աշխարհին՝ Հայաստանում ինչպիսի անմարդկային ռեժիմ է ղեկավարում, եւ օր առաջ պէտք է հեռացնել այս իշխանութիւնը, եթէ ոչ, ապա ժողովուրդը կ՛ընդվզի», ըսած է Ժ. Սէֆիլեան՝ մեկնաբանելով վրանը հեռացնելու ոստիկաններուն քայլը։
Միջադէպէն ետք ոստիկաններուն թիւը մեծապէս աւելցած է հրապարակին վրայ: «Նոր Հայաստան»ի քաղաքացիական խորհուրդի անդամ Վարուժան Աւետիսեան ոստիկաններուն յորդորած է մեծ ուժեր չկեդրոնացնել հրապարակին վրայ, քանի որ վրան տեղադրելու փորձ պիտի չընեն այդ օրը։
Ժառանգութիւն կուակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան ըսած է, որ վրան տեղադրելու փորձը պարզապէս իշխանութեան հանդուրժողականութեան քննութիւն էր՝ ցոյց տալու, թէ որքանով մարդկային է անոնց վերաբերումը եւ որքանով պաշտպանուած են քաղաքացիներուն սահմանադրական իրաւունքները:
«Նոր Հայաստան» ճակատը 9 եւ 10 Դեկտեմբերին եւս լրագրողներու հետ հանդիպում պիտի ունենայ, իսկ 11 Դեկտեմբերին կայացած հաւաքին պիտի յայտարարեն իրենց ապագայ ծրագիրներուն մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.