ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Դեկտեմբեր 16ի գիշերը, Ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծի արեւելեան հատուածի երեք ուղղութիւններով հակառակորդը ձեռնարկած է ներթափանցման փորձերու:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին նկատած են ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններուն յառաջխաղացքը եւ, կորուստներ պատճառելով, կասեցուցած են յարձակման փորձը:
Ծաւալած փոխհրաձգութեան ընթացքին հայկական պաշտպանութեան բանակը կորուստ չէ ունեցած:
Աւելի ուշ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած է ատրպէյճանական կողմին անյաջող ներթափանցման գործողութեան իրեղէն ապացոյցները՝ նահանջող հակառակորդին կողմէ լքուած յատուկ գործողութեան համար նախատեսուած միջոցներու ու սարքերու լուսանկարները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.