ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Յունուարին պիտի կազմակերպէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման նուիրուած դռնփակ քննարկում մը, որուն հրաւիրուած է նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք:
Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան վարիչ Եղսաբեթ Չուլճեան: «Կը փափաքէինք, որ բաց լսումներ տեղի ունենային, բայց այս մասին տակաւին յայտարարութիւն չկայ», ըսած է ան:
Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս անցեալ շաբաթ կոչ ըրած էր նման լսումներ կազմակերպելու Ուորլիքի հետ, քննելու համար զինադադարի պայմանները ամրապնդելու կարելիութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.