Ուրբաթ, 25 Դեկտեմբերին, Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կը տիրէր ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը: Հալէպի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու ընտանիքները հաւաքուած էին եկեղեցւոյ «Փօլատեան» սրահին մէջ, միասնաբար ունենալու Ամանորի հաւաքոյթ մը: Յայտագիրին ընթացքին համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան ողջունեց ներկաները, ապա իր բարեմաղթութիւնները կատարեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ: «Նոր Տարին մեզի կը խոստանայ նոր յոյս: Յոյս՝ թէ ինչ որ բան պիտի փոխուի դէպի լաւը: Մինչ հին տարին կը հասնի իր վախճանին եւ նոր տարին կը բացուի մեր դիմաց, մենք կը լեցուինք նոր յոյսով եւ խոստումներով, որ աւելի լաւ եւ գեղեցիկ բան մը պիտի գայ», ըսաւ վերապատուելին:
Հաւաքոյթի աւարտին Կաղանդ պապուկը իր այցելութեամբ խանդավառեց մթնոլորտը եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) նիւթաբարոյական աջակցութեամբ ներկաներուն բաժնեց գեղեցիկ ձմեռնային գիշերանոցներ:
Սոնա Քէօշկէրեան, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու Ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց վերապատուելի համայնքապետին, որ անցնող չորս տարիներուն ընթացքին՝ պատերազմի այս տագնապալից օրերուն, միշտ նեցուկ կանգնած է Սուրիոյ հայ համայնքի զաւակներուն:
Յաջորդ օրը, վեր. Սելիմեան՝ ընկերակցութեամբ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի եւ եկեղեցւոյ կարգ մը անդամներուն, այցելեց Հայ ծերանոց: Վեր. համայնքապետը հանդիպեցաւ ծերունիներուն հետ եւ զանոնք խրախուսելով ու քաջալերելով՝ մաղթեց խաղաղ եւ առողջ կեանք: Այս առթիւ, դարձեալ ԱՀԱԸի նիւթական աջակցութեամբ, ան բաշխեց նպատակայարմար նուէրներ բոլորին:
Նոյն օրը, վերապատուելին՝ ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ կարգ մը անդամներուն, այցելեց Հայ պատսպարեալներուն եւ Սուրիոյ պատերազմին նահատակուածներու զաւակներուն Նոր Գիւղի Ազգային պատսպարանէն ներս:
Այցելութեան ընթացքին վերապատուելի համայնքապետը գնահատանքով անդրադարձաւ Ազգային պատսպարանի Խնամակալ մարմինի նուիրեալ ու սիրայօժար ծառայութեան ապա բաշխեց նուէրներ բոլոր պատսպարեալներուն:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1918ին, որպէս քրիստոնէական կազմակերպութիւն իր ծառայութիւնները մատուցանելու բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին՝ առանց խտրութեան: ԱՀԱԸը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ հայրենիքի եւ արտերկրի քսանչորս տարբեր երկիրներու մէջ:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ԱՀԱԸի կայքը՝ www.amaa.org, կամ ուղղակի կապ հաստատել ԱՀԱԸի կեդրոնին հետ՝ 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652, հեռ. 201.265.2607, ե-նամակ՝ info@amaa.org։
Թղթակցութիւնը ԱՀԱԸէն