ԿԼԵՆՏԷՅԼ.— Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտից միութեան 4րդ ճաշկերոյթ—պարահանդէսը։
Վարժարանիս շրջանաւարտներուն, նախկին ուսուցիչ—ուսուցչուհիներուն ու նախկին տնօրէն Արամ Պուլղուրճեանին կողքին, յատուկ այս ձեռնարկին համար Լիբանանէն ժամանած տնօրէնուհի Վարդուկ Պալըքճեան եւս ներկայ էր հաւաքին։
Շաբաթ, Նոյեմբեր 7ին կայացած ձեռնարկին բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Թալին Տէր Արթինեան, որ իր բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկայացուց օրուան հանդիսավարը՝ Լիզա Ճիկէրեան—Մանոյեանը, որ իր կարգին բեմ հրաւիրեց վեր. Յովհաննէս Մելքոնեանը՝ բացման աղօթքը կատարելու։
Լիզա Մանոյեան ապա հրաւիրեց տնօրէնուհի Պալըքճեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցելէն ետք՝ տուաւ տեղեկութիւններ վարժարանին նուաճած յաջողութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ տեղեկացուց, թէ այս տարեշրջանին Լիբանանի աւետարանական մեր վարժարաններէն՝ «Կերթմենեան»ը փակուած ըլլալով՝ Շամլեան—Թաթիկեան վարժարանի աշակերտութեան թիւը աճ արձանագրած է։ Այս իրողութեան իբրեւ հետեւանք, վարժարանիս ծնողներուն տրուած նիւթական օգնութեան պիւտճէն աւելցած է, նկատի առնելով կարիքաւոր աշակերտներուն արձանագրած թիւի աճը։
Ապա, ցուցադրուեցաւ գեղեցիկ կերպով պատրաստուած տեսաերիզ մը, ուր վարժարանիս իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները իրենց երախտագիտական խօսքերը կը փոխանցէին շրջանաւարտից միութեան թափած ջանքերուն եւ կատարած դրամահաւաք աշխատանքներուն համար։
Այնուհետեւ, Վարդուկ Պալըքճեան բեմ հրաւիրեց նախկին տնօրէն Արամ Պուլղուրճեանը, որ մեծարուեցաւ իր տարած տարիներու աշխատանքին եւ վարժարանիս գոյատեւման ի խնդիր իր ցուցաբերած յատկանշական օժանդակութեան համար։
Յայտագիրը ճոխացաւ, երբ երաժշտագիտուհի Նեքտարին Չիլեան իր անզուգական ձայնով մեներգեց «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի» եւ «Կիլիկիա» երգերը ու ապա քանոնի վրայ նուագեց ժողովրդական երգեր։
Իր կարգին, շրջանաւարտից միութեան ատենապետ Զաւէն Հանէսեան ողջունեց բոլոր ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ իրենց ցուցաբերած յարատեւ աջակցութեան եւ քաջալերանքին համար։ Նաեւ, ան գնահատեց միութեան անդամներուն կատարած անշահախնդիր նուիրումն ու ցուցաբերած լուրջ աշխատանքը, որոնց շնորհիւ վերջին 4 տարիներուն ընթացքին կարելի եղած է նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնիլ վարժարանիս, որ կարիքը ունի մեր բոլորին օժանդակութեան, նկատի առնելով անոր տնտեսական ծանր պայմանները։
Ապա, Հանէսեան բեմ հրաւիրեց տոքթ. Նազարէթ Տարագճեանը՝ Հայ աւետարանչական միութեան նախագահը, որ պատուըւեցաւ յուշանուէրով մը, վարժարանին հանդէպ իր ցուցաբերած յարատեւ օժանդակութեան համար։ Տոքթ. Տարագճեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը՝ շեշտելով անհրաժեշտութիւնը մեր անմիջական օժանդակութեան Միջին Արեւելքի գաղութներէն ներս գործող մեր կրթական օճախներուն, որոնք տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ կը փորձեն գոյատեւել եւ յաղթահարել ամէն դժուարութիւն, որ կը ծառանայ իրենց դիմաց։
Նման ձեռնարկի մը նպատակը՝ դրամահաւաք ըլլալուն կողքին, կը միտի շրջանաւարտները համախմբելով ընկերային մթնոլորտ ստեղծել, իրարու միացնել տարիներէ ի վեր իրարմէ հեռացած դասընկեր—դասընկերուհիները, զանոնք հաւաքել եւ մէկտեղել, անմոռանալի յիշատակներ փոխանակել ու վերյիշել։ Յոյսով ենք, որ մեր շրջանաւարտները հաճելի երեկոյ մը անցուցին եւ որ դարձեալ կը տեսնուինք մեր յաջորդ ձեռնարկներուն ընթացքին։ Նուիրատուութիւն կատարել փափաքողները կրնան իրենց տուրքէ զերծ օժանդակութիւնները ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝ STAA, 2592 Calle De Villada Circle Duarte, CA 91010։
(Թղթակցութիւնը՝ Շրջանաւարտից միութենէն)