ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնն ու տիկնանց օժանդակ մարմինը կը յայտարարեն, թէ տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Անահիտ Օհաննէսեան բարերար ամոլը իշխանական նուիրատուութեամբ մը յանձն առած է հովանաւորել առաջնորդին Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոն, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յունուար 6ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ:
Օհաննէսեան ամոլը անցեալ տարի եւս Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոյի գլխաւոր հովանաւորներու շարքին էր, իսկ տարուան ընթացքին, նմանապէս առատաձեռն նուիրատուութեամբ մը զօրակից հանդիսացած էր Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի կալուածներու վերատիրացման նպատակով՝ Թուրքիոյ դէմ Ս. Աթոռոյս կողմէ բացուած դատին: Իբրեւ գնահատանքի արտայայտութիւն, թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 43րդ նստաշրջանին, անցեալ Մայիսին, սրբազանը բարերար ամոլը պատուեց Ազգ. առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ Թագաւոր» եւ «Ս. Աշխէն Թագուհի» շքանշաններով: