ԵՐԵՒԱՆ, «Գրական Թերթ».– ԱՊՀ երկիրներու «Չինգիզ Այթմատովի գրական մրցանակ»ը այս տարի տրուած է Հրաչեայ Թամրազեանին։ Զայն յանձնած են ԱՊՀ երկիրներու միջխորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոնն ու Ղազախստանի խորհրդարանի նախագահ Ասիլպեք Ժենպեկովը: Ողջոյնի խօսքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի խոհրդարանի նախագահ Ասիլպեք Ժենպեքով բարձր գնահատած է Հրաչեայ Թամրազեանի բանաստեղծութիւնը, անոր գիտական եւ թարգմանչական գործունէութիւնը. «Ձեր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են շարք մը լեզուներու, դուք նոյնպէս թարգմանած էք շարք մը նշանաւոր բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները: Չինգիզ Այթմատովի անուան մրցանակի յանձնումը վկայում է ձեր ստեղծագործութեան բարձր մակարդակի մասին: Վստահ եմ, որ դուք մեզի դեռ շատ պիտի ուրախացնէք ձեր ստեղծագործութիւններով, որոնք կ՛ամրապնդեն բարեկամութիւնը երկու ժողովուրդներուն միջեւ», նշած է Ասիլպեք Ժենպեքով:
Այս մրցանակով պարգեւատրուելու համար տարեկան կը ներկայացուի մէկ թեկնածութիւն ԱՊՀ անդամ իւրաքանչիւր երկիրէ: Տարեկան միայն մէկ անձ կրնայ դափնեկիր դառնալ: Մրցանակի յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 27 Նոյեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի Տաւրիդեան պալատին մէջ կայացած ԱՊՀ երկիրներու միջխորհրդարանական վեհաժողովի նիստին ընթացքին: Նոյն օրը Ս. Փեթերսպուրկի գլխաւոր զէնքէն կէսօրեան համազարկը տուած է Հրաչեայ Թամրազեան:
Ողջոյնի խօսքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի խոհրդարանի նախագահ Ասիլպեք Ժենպեքով բարձր գնահատած է Հրաչեայ Թամրազեանի
Shtap oughgheq