ԵՐԵՒԱՆ.– Հակառակ կառավարութեան խոստումներուն՝ 2015 թուականին անգործութիւնը պաշտօնապէս աւելցաւ 13 տոկոսով։ Արձանագրուած 76 հազար անգործներէն «Զբաղուածութեան պետական գործակալութիւն»ը շուրջ 12 տոկոսին միայն աշխատանք ապահովեց:
Գործակալութիւնը չի ծածկեր այն իրականութիւնը, որ տարուէ տարի կ՛աւելնայ իրեն դիմող անգործներուն թիւնը։ Գործակալութեան աշխատակից Անահիտ Փարսադեանի համաձայն՝ դիմում կը ներկայացնեն նոյնիսկ աշխատանք ունեցողները, քանի որ յաճախ աշխատավարձքը անբաւարար կ՛ըլլայ կամ իրենց ունեցած պայմաններէն աւելի լաւ պայմաններով աշխատանք կ՛ուզեն ունենալ։