ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ՖԻՖԱի դասակարգման աղիւսակին մէջ յառաջդիմած է երկու կէտով՝ գրաւելով 121րդ դիրքը, թէեւ նախորդ աղիւսակի հրապարակումէն ետք խաղեր տեղի չէին ունեցած: Հայաստանի խումբը պահպանած է վարկանշային 285 միաւորները:
ՖԻՖԱի դասակարգման աղիւսակի լաւագոյն տասնեակին մէջ փոփոխութիւններ չկան: Առաջին դիրքը պահպանած է Պելճիքայի հաւաքականը, որուն յաջորդած են արժանթինցիներն ու սպանացիները, իսկ աշխարհի ախոյեան Գերմանիան չորրորդ դիրքի վրայ է։
Լաւագոյն տասնեակին մէջ են նաեւ Չիլին, Պրազիլը, Փորթուկալը, Քոլոմպիան, Անգլիան ու Աւստրիան:
Աշխարհի 2018ի ախոյեանութեան ընտրական հանգրուանին Հայաստանի հաւաքականի մրցակիցներէն Ռումանիան 16րդն է, Լեհաստանը՝ 35րդ, Դանիան՝ 42րդ, Չեռնոկորիան՝ 85րդ, իսկ Ղազախստան՝ 132րդ: