ԵՐԵՒԱՆ.– Արագ եւ գետնի վրայ անմիջական արձագանգման աշխատանքային խումբը Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանի գլխաւորութեամբ հերթական խորհրդակցութիւն կատարած է «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնին մէջ՝ հիմնականօրէն քննարկելով Հայաստանի մէջ առկայ համաճարակային իրավիճակը:
Նախարարը այցելած է բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունք, ծանօթացած բուժում ստացող երեխաներուն առողջական վիճակին: Ներկայ դրութեամբ հոն կը բուժուին 20 երեխաներ, որոնցմէ միայն 10ին մօտ առկայ է սուր շնչառական վարակ:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արմէն Մուրադեան նշած է, որ ներկայիս սուր շնչառական վարակներով Հայաստանի մէջ հիւանդանոց փոխադրուած է 515 անձ, որոնց 126ը՝ թոքաբորբի պարագայ:
Նախարարը դիտել տուած է, որ նման հարցեր կան ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ եւրոպական տարածաշրջանին մէջ։ Դէպքերուն շուրջ 75 տոկոսը Ա. տեսակի կրիփն է, գերակշռող մասը՝ «Էյչ. ուան Էն. ուան» տեսակը։ Ան նշած է, որ ժամանակին անհրաժեշտ քայլերուն չդիմելու ու համապատասխան բուժում չստանալու պարագային կրիփը կը ստանայ շնչառական վարակ։
Ան վստահեցուցած է, որ հիւանդանոց դիմած բոլոր հիւանդներն ալ ստացած են համապատասխան բուժում։ Բժշկական կազմակերպութիւններուն մէջ սահմանուած է ամէնօրեայ հսկողութիւն, եւ առողջապահական համակարգը տօներուն եւս աշխատած է բնական կերպով։
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ սուր շնչառական վարակներով եւ թոքաբորբերով հիւանդներուն 80 տոկոսը 0-18 տարեկան երեխաներ են, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը ձմեռնային արձակուրդները երկարաձգելու ա-ռաջարկով դիմած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան:
Նախարարը նշած է, որ այս օրերուն ծանրաբեռնուած է նաեւ շտապ օգնութեան ծառայութիւնը, որ միայն Երեւանի մէջ օրական շուրջ 900 կանչի կ՛արձագանգէ:
Առողջապահական ցանցը ապահովուած է անհրաժեշտ բոլոր դեղերով եւ բժշկական պարագաներով: