Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը մերժած է Հոլոքոսթի ժխտումը քրէականացնող օրէնքը հակասահմանադրական ճանչնալու հայցը: Տեղեկութիւնը «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին ընթացքին հաստատած է Ֆրանսայի Ռոն-Ալփ շրջանի պատգամաւոր Հիլտա Չոպոյեան: «Այդ օրէնքէն օգտուելով՝ թրքական կազմակերպութիւնները կը ցանկային Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը խնդրոյ առարկայ դարձնել Ֆրանսայի օրէնքով, ու ատիկա, փաստօրէն, չիրականացաւ», յայտնեց Հիլտա Չոպոյեան:
Վերոնշեալ հայցի բաւարարման պարագային թրքական կազմակերպութիւնները կը ձգտէին հասնիլ 2001 թուականին Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի չեղեալ համարելուն:
Հարցին ի պատասխան, թէ արդեօք այս մերժումը որեւէ առումով ճանապարհ կը բանա՞յ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ընդունուելու համար՝ Հիլտա Չոպոյեան պատասխանած է. «Ոչ, քանի որ հրեաներու ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը հակասահմանադրական չճանչնալու պատճառաբանութեան մէջ յստակօրէն դրուած է այն իրողութիւնը, որ հրեաներու ցեղասպանութիւնը, ի տարբերութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան, միջազգային օրէնքի եւ ֆրանսական դատարանին կողմէ ճանչցուած է որպէս ցեղասպանութիւն: Այս տարբերութիւնն է, որ պէտք է յաղթահարել յաջորդող ամիսներուն: Իմ կարծիքով՝ շատ աւելի մանրակրկիտ գործունէութիւն կը պահանջէ ասիկա: Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրը պէտք է դրուի դատարանի առջեւ ու յաջորդուի այդ դատարանին կողմէ դատապարտումով»:
Անոր կարծիքով՝ հայկական կողմը կրնայ որոշակի պարագաներ գտնել ու ֆրանսական դատարաններուն մէջ յաջողութեան հասնիլ: «Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացումը մերժուած է, որովհետեւ միջազգային դատարանին կողմէ ճանչցուած չէ, ցեղասպանութեան ուրացումը միայն նկատի կ՛առնուի, եթէ միջազգային կամ ֆրանսական որեւէ դատարան զայն ցեղասպանութիւն որակէ», աւելցուցած է Հիլտա Չոպոյեան: