ՕՐԵՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան 2016 տարուան առաջին Կիրակին՝ 3 Յունուարը, բոլորեց Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայքին հետ՝ հանդիսապետելով Ս. պատարագին եւ ներկայ հաւատացեալներուն ուղղելով իր տարեմուտի պատգամը, իսկ արարողութեան աւարտին, ան կատարեց օրհնութիւնը եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կառուցուած յիշատակի նոր պարտէզին, որուն բարերարն է Կարպիս Արսլանեան, ի յիշատակ իր կնոջ՝ Մարիամին: Ս. պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան:
Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը սկսաւ փառք տալով Աստուծոյ, որ բոլորիս շնորհած է տարի մը եւս բոլորելու առիթը, շնորհաւորեց ծխական համայնքի զաւակները՝ Նոր Տարուան առիթով, եւ մաղթեց, որ նոր տարին ըլլայ լի սիրով, առողջութեամբ, երջանկութեամբ ու խաղաղութեամբ: Ան անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան խորհուրդներուն, որոնք մարդուն կը ներկայանան սիրոյ, խաղաղութեան ու բարեսիրութեան, համեստութեան ու ծառայասիրութեան պատգամներով, եւ որոնք մարմնաւորուեցան Աստուածորդւոյն երկրաւոր առաքելութեամբ:
Առաջնորդը նշեց, որ օրուան աւետարանական ընթերցումը (Ղուկ. 22:24-30) արտացոլացումն է համեստութեամբ գործելու Տիրոջ պատգամին. հոն կը ներկայացուի Յիսուսի աշակերտներուն միջեւ այն վէճը, թէ ո՞վ է իրենցմէ ամէնէն մեծը: Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ մեծութիւնը կ՛արտայայտուի առաւելագոյն համեստութեամբ ու ծառայութեամբ, հոգեկան ցնծութիւնը կը բխի ուրիշներուն տալու եւ ծառայելու, սեփական ու հաւաքական կեանքին մէջ բարելաւումի ձգտող գործերէն: Յիշեցնելով, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2016 տարին հռչակած է «Ծառայութեան Տարի»՝ առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ այս պատգամը կենսաւորուի մեր համայնքին մէջ եւ նպաստ բերէ մեր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ ազգային միաւորներու բարգաւաճումին:
Ապա ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, ծառայողներուն ու բարերարներուն ներդրումներուն մասին, յատկապէս՝ վեր առնելով համայնքի զաւակներէն Կարպիս Արսլանեանի նուիրաբերումը, ի նպաստ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ նոր պարտէզի մը կառուցման, ի յիշատակ իր հանգուցեալ կնոջ: Առաջնորդը հաւատացեալները հրաւիրեց առաւելագոյն կարելիութեամբ ծառայելու եւ նուիրաբերելու մեր եկեղեցւոյ ու ազգին՝ մաղթելով, որ նոր տարին առիթ ըլլայ գնահատումը կատարելու մեր անցեալի իրագործումներուն:
Հոգեհանգստեան պահուն աղօթք բարձրացուեցաւ հանգուցեալ Մարիամ Արսլանեանի յիշատակին։ Առաջնորդ սրբազանը օրհնեց յիշատակը հանգուցեալին, ապա թափօրով ուղղուեցաւ դէպի նորակառոյց պարտէզը, ուր բարերարին եւ հաւատացեալներուն ներկայութեան կատարեց պարտէզին օրհնութիւնը:
Արարողութիւններէն ետք, հիւրընկալութիւն տեղի ունեցաւ «Ղուկասեան» սրահին մէջ: