ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ.- 1977ին, շնորհիւ շրջանէն ներս բնակութիւն հաստատող անձնուէր եւ նուիրեալ 10 հայուհիներու խմբակին եւ իրենց մէջ դրծուած հայ կնոջ բացառիկ առաքելութեան, ՀՕՄի նոր մասնաճիւղ մը՝ «Կարս» անունով, ծնունդ կ՛առնէ Քալիֆորնիոյ Սանթա Մոնիքա քաղաքին մէջ, ու շատ շուտով, իր աշխոյժ գործունէութեան շնորհիւ, իր հաւատաւոր տեղը կը գրաւէ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ցանկին վրայ:
Նման բոլոր քոյր մասնաճիւղերուն, «Կարս»ն ալ տարիներու ընթացքին ուռճանալով, բարգաւաճելով եւ յատկապէս նիւթապէս ու բարոյապէս միշտ նեցուկ կանգնելով ՀՕՄի սրբազան ծրագիրներու իրագործման աշխատանքներուն, այսօր մասնաճիւղը կը հաշուէ 80 անդամ: Գաղտնիք մը չէ, որ շնորհիւ իրերայաջորդ վարչութիւններու ծրագրումներուն, ընկերային ու մշակութային իր զանազան ձեռնարկներով միութիւնը արդէն իսկ կը վայելէ շրջանի հայութեան յարգանքը, գնահատանքն ու օժանդակութիւնը։
Պէտք է յիշեցնել նաեւ, որ ՀՕՄը իր մարդասիրական աշխատանքներուն կողքին կը հովանաւորէ բազմաթիւ շաբաթօրեայ հայ վարժարաններ, ուր, ամէնօրեայ վարժարաններուն նման, շնորհիւ հայ լեզուի համեստ եւ նուիրեալ մշակներու՝ կը տարուի հայակերտումի եւ հայապահպանման ծառայող մեծ ճիգ:
Այս բոլորը կ՛իրականանան մեր նոր սերունդի ապագայով մտահոգ գիտակից ծնողներուն, պատասխանատուներուն եւ յատկապէս վարժարանը հովանաւորող ՀՕՄի մասնաճիւղի բոլոր անդամուհիներուն անսակարկ զոհոբերութեամբ ու օրինակելի նուիրումով։
Իր կարգին, «Կարս» մասնաճիւղը եւս, տարիներու ընթացքին մարդասիրական զանազան ծրագիրներու իրագործման կողքին եւ մանաւանդ հաւատարիմ մնալով իր կոչումին, իր ժրաջան անդամուհիներէն Լենա Ազիրեանի, Սիլվա Հիւսէնճեանի եւ Սաթենիկ Նալպանտեանի շնորհիւ 1986ին հիմնեց Ուրբաթօրեայ իր վարժարանը, շրջանի օտար դպրոցներէն մէկուն մէջ, հայ մատղաշ սերունդին մայրենին սորվեցնելու համար:
1998ին, զանազան պատճառներով սոյն վարժարանը փակուեցաւ: Իսկ 2015ին, ընդառաջելով նախկին շրջանաւարտ աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնք ներկայիս մէկական ծնողներ դարձած են՝ միութեան վարչութիւնը վերաբացաւ իր միօրեայ վարժարանը ու տնօրէնի պաշտօնին հրաւիրեց գաղութիս ծանօթ եւ տարիներու փորձառու տնօրէն-ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեանն ու կինը՝ Լիզան, ինչպէս նաեւ օգնական Աստղիկ Մխսեանը, որոնք 2015ի Հոկտեմբերի առաջին շաբաթէն սկսեալ ստանձնեցին իրենց պաշտօնը՝ հինգ տարեկանէն մինչեւ տասը տարեկան շուրջ քսան հայ երկսեռ փոքրիկներու մայրենի լեզու, խօսակցութիւն եւ հայ երգ ու պատմութիւն դասաւանդելով, Սանթա Մոնիքայի Ս. Նիքըլըս եկեղեցւոյ սրահներէն մէկուն մէջ (11944 Sunset Blvd. Los Angeles 90049)։
Նշենք, որ այս տարի, սոյն վարժարանին իբրեւ վարչական պատասխանատուներ նշանակուած էին ՀՕՄուհիներ Լենա Ազիրեան, Սիլվա Հիւսէնճեան եւ Այրին Պուտաքեան, որոնք միշտ մօտէն կը հետեւին վարժարանին եւ կը հոգան անոր բոլոր կարիքներուն:
Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կ՛ուզենք նշել, թէ վարժարանի առաջին հրապարակային ձեռնարկն էր Ամանորեան հանդէսը: Այսպէս, Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2015ի կէսօրէն ետք ժամը 5ին, նոյն դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծնողներու կողմէ շատ սպասուած այս ձեռնարկը, որուն, վարչական անդամ Սաթենիկ Նալպանտեանի կողքին ներկայ էին Լենա Ազիրեանն ու Սիլվա Հիւսէնճեանը, ինչպէս նաեւ՝ շուրջ յիսուն ծնողներ ու մեծ մայրեր, որոնք եկած էին ականատես ըլլալու եւ ունկնդրելու հազիւ հինգ շաբաթներու ընթացքին իրենց փոքրիկ զաւակներուն ու թոռներուն սորված հայերէն արտասանութիւնները ու մանկական եւ տօնական երգերը՝ Կաղանդ Պապային ներկայութեան:
Ձեռնարկին սկիզբը, տնօրէն Գէորգ Պետիկեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքերէն ետք մեծապէս գնահատեց ծնողները՝ իրենց զաւակներուն հայրերէն սորվեցնելու մտադրութեան, հայ վարժարան ուղարկելու ծրագրումին եւ հայ պահելու գլխաւոր մհահոգութեան համար: Ան նաեւ մեծապէս գնահատեց ծնողներուն ճիգը՝ իրենց զաւակները հայկական ոգիով մեծցնելու ուղղուած, ու վեր առաւ ՀՕՄին ունեցած բարեսիրական ու հայակերտման համար զոհաբերութիւնը:
Տնօրէնը ապա ջերմապէս խնդրեց ներկաներէն, որ օրական գոնէ տասը-քսան վայրկեան, տան մէջ հայերէնով զբաղին, հետեւին իրենց զաւակներուն կամ թոռներուն հայերէն դասերուն եւ յատկապէս ուշադիր ըլլան հայերէնով արտայայտուելու խնդիրին՝ տան մէջ մի՛շտ հայերէն խօսելով ու հայերէնախօսութիւնը քաջալերելով:
Տնօրէնին բացման խօսքէն ետք, աշակերտները կարգով սրահ մուտք գործեցին իրենց ուսուցչուհի Պետիկեանին առաջնորդութեամբ ու բեմին վրայ տեղ գրաւելէ ետք՝ նախ արտասանեցին Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք սրահ մուտք գործեց Կաղանդ Պապան, որուն ներկայութեան, անոնք մէկ առ մէկ կատարեցին իրենց սորված տօնական եւ մանկական երգերն ու արտասանութիւնները՝ մեծապէս գոհունակ ու խանդավառ պահելով սրահը: Հրամցուած յայտագիրը երկար ծափողջիւններով ու ցնծութեամբ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Աւարտին, Կաղանդ Պապուկը աշակերտներուն նուէրներ բաշխեց: Իրենց կարգին, տնօրէնն ու երկու ուսուցչուհիները ծնողներէն ստացան մէկական նուէրներ: Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն եւ ապա՝ ընկերային ժամ:
(Թղթակցութիւնը՝
Վարժարանէն)