ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա», «Նիուզ».- Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան 11 Յունուարին ունեցած է խորհրդակցական հանդիպում մը մարզերու առողջապահութեան պատասխանատուներուն հետ՝ քն-նարկելու Հայաստանի մէջ կրիփի եւ սուր շնչառական վարակներուն պարզած վիճակը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են մարզերուն մէջ այս առումով տիրող կացութիւնը, այն քայլերը, որոնք կը դիմուի։ Նախարարը յանձնարարած է միշտ կապի մէջ մնալ, որպէսզի կարելի եղածին չափ հակակշիռի տակ պահել վիճակը։
Ըստ նախարարութեան՝ առողջապահութեան նախարարութեան գլխաւոր համաճարակաբան Վլադիմիր Դաւիթեան՝ ներկայացնելով իրավիճակին վերլուծումը, դիտել տուած է, որ Հայաստանի մէջ համաճարակ չկայ, առկայ է եղանակային կրիփի եւ սուր շնչառական վարակներու տարածուածութիւնը։
Միւս կողմէ, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Վահան Պօղոսեան լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին դիտել տուած է, որ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի մէջ «H1N1»ի (Խոզի կրիփ) 170 հաստատուած դէպք կայ: Հիւանդներուն 4 տոկոսը ծանր վիճակի մէջ է եւ կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ: 2015ի աւարտին եւ 2016ի սկիզբը արձանագրուած է «H1N1»էն մահացութեան 6 դէպք:
Ըստ փոխնախարարին՝ ներկայ դրութեամբ երկրին մէջ արձանագրուած է ՍՇՎի, կրիփի եւ թոքաբորբի բոլոր տեսակներու 855 դէպք: Անոնցմէ 101ը յղի կիներ են: Բնականաբար բոլոր հիւանդները «H1N1»է չեն տառապիր, մեծամասնութեան մօտ սովորական կրիփ եւ թոքերու բորբոքում է:
«Ինչ վերաբերում է «H1N1» գրիպով 170 հիւանդին, նրանցից ընդամէնը 4ն է ծանր վիճակում, մեծամասնութիւնը նոյնիսկ չգիտէ իր ախտորոշման մասին կամ արդէն բուժուել է, կամ էլ համապատասխան բուժում է ստանում: Մասնագէտները յիշեցրել են, որ գրիպի տարատեսակը հետաքրքրում է ընդամէնը բժիշկներին եւ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներին, իսկ հիւանդի համար գրիպի տեսակները համարեա նոյն ընթացքն են ունենում:
Երկրի վերակենդանացման բոլոր բաժանմունքներում այս պահին բուժում է ստանում ընդամէնը 77 հիւանդ, որոնցից 11ը արհեստական շնչառութիւն է ստանում: Հիւանդներից 4ը հիւանդանոցում է «H1N1» գրիպի պատճառով, մնացած բոլորը՝ այլ հիւանդութիւնների», ըսած է փոխնարարաը:
Փոխնախարարին համաձայն՝ երկրին մէջ կրիփի համաճարակ եւ պոռթկումներ չկան, ինչպէս նաեւ չկան անհանգստութեան եւ խուճապի պատճառներ:
Աւարտին ան կոչ ուղղած է բոլորին՝ կրիփի ախտանշաններ հազիւ նկատած դիմելու իրենց ամէնէն մօտիկ բժշկական կեդրոնը կամ դարմանատունը, որպէսզի համապատասխան ցուցումներ ստանան, եւ կացութիւնը չբարդանայ։