(Ծնեալ՝ Յունուար 23, 1937ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, քեռայրին եւ հարազատին՝ Սարգիս Նորընծայեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016, առաւօտեան ժամը 9ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church (կարմիր) մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Ալիս Նորընծայեան
Զաւակները՝ Անդրանիկ Նորընծայեան
Արմէն եւ Սթեֆընի Նորընծայեան եւ զաւակները՝ Ալեք եւ Արտէն
Ռազմիկ եւ Նելլի Նորընծայեան եւ զաւակները՝
Դանիէլ եւ Էլիզապէթ
Եղբայրները՝ Յովհաննէս եւ Անահիտ Նորընծայեան եւ զաւակները
Կիրակոս եւ Արտա Նորընծայեան եւ զաւակները
Եւ համայն Նորընծայեան, Զաքարեան, Պաղտասարեան
եւ Ապաճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութիւնէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave.
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ֆերահեան Ազգային վարժարանին։