Երկուշաբթի, 4 Յունուարին, Երեւանի մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ հալէպահայ ազգային գործիչ, բարերար, ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրեալ ընկեր Սարգիս Տիգրան Գաբոյեան (1936ի ծնունդ):
Սարգիս Գաբոյեան երկար տարիներ ծառայած է հալէպահայ ազգային կեանքին՝ գործելով Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան խնամակալութեան, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութեան եւ այլ մարմիններու մէջ՝ միշտ ըլլալով գործունեայ, խստապահանջ, նուիրեալ, ընկերասէր եւ աշխոյժ ազգային գործիչ:
Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 7 Յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 1:30ին, Մալաթիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: