ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 7րդ տարեդարձին առիթով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, Յունուար 10ին Ս. պատարագ մատուցեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յաւարտ պատարագի՝ կատարեց մատաղօրհնէք։
Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեան եւ սարկաւագները: Ներկայ էին ստուար թիւով հաւատացեալներ եւ ծխական համայնքի ներկայացուցիչներ:
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը Ս. Ծննդեան խորհուրդը մեկնաբանելով՝ անդրադարձաւ նախածննդեան դէպքերուն եւ Ս. Մարիամ Աստուածածինի խոնարհութեան, երկիւղածութեան եւ անոր երգած օրհնաբանութեան: Քրիստոսի լոյսի անմար ճրագին մասին խօսելով՝ սրբազանը ըսաւ ներկայ հաւատացեալներուն, թէ մարդուն հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն իբրեւ գերագոյն արտայայտութիւն աշխարհ եկած Քրիստոսի լոյսը պէտք է շողայ մեր էութեան մէջ: Ան նաեւ վեր առաւ Աստուածամօր նկարագրային գիծերը՝ ընդգծելով, թէ ան հնազանդ եւ խոնարհ էր, ընտրուած էր Աստուածամայր դառնալու, իսկ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան՝ հոգատար եւ նուիրեալ մայր եղաւ Յիսուսի: Սրբազանը յորդորեց հայ մայրերն ու կիները, որ հետեւին Աստուածամօր օրինակին եւ անսան Աստուծոյ պատուիրաններուն:
Առաջնորդը ապա հաւատացեալներու ուշադրութեան յանձնեց նահատակներու մասունքները պարունակող ճաճանչաւոր խաչը, որ տրամադրուած է այս եկեղեցւոյ. ծանօթ է, որ ճաճանչաւոր խաչերու օրհնութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ամիս մը առաջ, իսկ Ս. Ծննդեան տօնի օրը, առաջնորդի ընթրիքի երեկոյին, խաչերը յանձնուած էին մեր եկեղեցիներու հովիւներուն, որպէսզի զետեղուին խորաններուն վրայ եւ այսուհետեւ մշտական ներկայութիւն ըլլան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Պատարագի աւարտին, հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ մատաղի նուիրատուներու ննջեցեալներուն հոգիներուն համար, ապա առաջնորդը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը: Արարողութիւնը վերջ գտաւ առաջնորդին «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով: Հաւատացեալները ստացան մատաղի իրենց բաժինը եւ խաչը համբուրելէ ետք տուն վերադարձան՝ օրուան խորհուրդով լիցքաւորուած: