ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կոչ կ՛ընենք հայութեան, որ ի մի գալով՝ մասնակցին Կիրակի, Ապրիլ 24ին, կ.ե. ժամը 1ին, Լոս Անճելըսի Ուիլշըր եւ Քրեսընթ Հայթս պողոտաներու խաչմերուկին վրայ սկսող Արդարութեան քայլարշաւին՝ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ, դատապարտելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին յաջորդած ժամանակահատուածը թեւակոխելով՝ մինչ Ցեղասպանութեան ուրացումը կը շարունակուի, Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայկական կազմակերպութիւնները կոչ կ՛ընեն հայ համայնքին, որ սթափ եւ գործելու պատրաստ վիճակի մէջ մնան, որպէսզի Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու պայքարը շարունակուի Լոս Անճելըսը ցնցած 166,000 հոգինոց քայլարշաւին ոգիով։
Կը հաւատանք, որ մեր ձայները աւելի՛ ազդու եւ արդիւնաբեր կը դառնան, երբ անոնք միասնական են, եւ այդ պատճառով ալ հպարտ ենք յայտարարելու, որ այս տարի եւս, համայնքային կազմակերպութեանց միացեալ ջանքերով պիտի շարունակենք իրականացնել ոգեկոչման եւ պահանջատիրական ձեռնարկները, նորակազմ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբի հովանիին տակ։
Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբին մաս կազմող կազմակերպութեանց ցանկը կու տանք ստորեւ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին յառաջիկային։
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ
Արեւմտեան Թեմ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջան
Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու
Արեւմտեան Շրջան
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Ամերիկայի Հայկական Համագումար
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայկական Խորհուրդ
Հայկական Իրաւանց Խորհուրդ
Հայկական Իրաւաբանական Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն