ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յուդայի ապաբախտ վախճանի մասին կը կարդանք Նոր Կտակարանին մէջ: Այդ նիւթին քննարկումը պիտի չկատարենք այստեղ, սուրբ գրոց մեկնաբաններուն թողելով թեր ու դէմ կարծիքներու համադրումը: Յուդան խեղդամահ ըլլալով, բնականաբար չկրցաւ հասնիլ մաս կազմելու անոնց, որոնք իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներ, սկսան իրենց դէմքը խաչակնքելու, Խաչեալին զօրութիւնը ստանալու հաւատքով:
Դէմքի վրայ խաչակնքումը, հաւատքով կատարուած այն արարքն է, որուն իբրեւ արդիւնք, խաչակնքողը զօրութիւն կը զգայ: Նաեւ տարածուած սովորութիւն է քրիստոնեաներու կողմէ, վտանգի պահուն խաչակնքելը, այս անգամ երկնային ապահովութիւն հայցելով խաչեալ Փրկիչէն, որ խոստացաւ միշտ մեզի հետ ըլլալ, մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, մինչեւ աշխարհի վախճանը:
Դէմքի վրայ խաչակնքելու ամէնէն տխուր պահը այն է, երբ հաւատացեալ կամ անուանապէս քրիստոնեայ, այդ արարքը կը կատարեն ոմանք վկայութեան կանչելով Խաչեալին: Ուրիշ խօսքով, երդումի համար կը կատարեն այդ խաչակնքումը դէմքի վրայ:
Մեր լեզուին մէջ բանաձեւուած են այդ խաչակնքումին ընկերացող ասոյթներ, խօսքեր, երդումի յատուկ արտայայտութիւններ եւ այլ վկայութիւններ, որոնց բռնազբօս եւ սուտ ըլլալը շուտով կ՛իմացուի: «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ»: Ահա անոնցմէ մէկը, որուն կցումը որեւէ ճշմարտութեան, ինքնին աւելորդ է: Եթէ ըսածիդ ճշմարտութեան կը հաւատաս, կարիք չունիս այս բառերը անոր կցելու: Ճշմարտութիւնը ինքզինք կը բացայայտէ արդէն եւ յաւելեալ փաստի կարիք չ՛ունենար բնաւ:
Ճշմարտութիւնը նոյնիսկ կը թուլնայ ու կը տկարանայ, երբ անոր կցենք զայն փաստելու արտայայտութիւններ: Աչքերը, ինչպէս լսուած խօսք է, հոգիի հայելիններն են: Անոնց ոսպնեակներուն մէջէն արտացոլացող փայլը կը յայտնէ յաճախ մեր ըսածին ճշմարտացիութիւնը կամ կեղծ ու սուտ ըլլալը: Երբեմն շատ պարզ եւ առանց ճիգի ըսուած խօսքին աւելի՛ հաւատք կ՛ընծայեն մարդիկ, քան շեշտուած ու յաւելեալ բացատրութիւններով զարդարուած խօսքին:
Ճշմարտութիւնները կը նմանին արեւու լոյսին տակ փայլող մարգարիտներու, որոնց բարձր արժէքը ամէն անգամ յայտարարելու կարիք չ՛ունենար գոհարավաճառը: Ամէն մարդ ալ յանգիտակից կ՛իմանայ անոնց բարձր գինը եւ արժէքաւոր բնոյթը:
Ճշմարտութեան բացայայտումի մասին յաւելեալ ճիգը մարդուն կողմէ կրնայ նոյնիսկ կասկած յառաջացնել, թէ ըսուածը չի՛ համապատասխաներ իրականութեան: Ընդհանրապէս խոցելի արարքներով եւ քննադատելի գործերով հարուստ մարդիկ այդ միջոցին կը դիմեն:
Յանցաւորը փնտռելու եւ զայն պատժելու համար կազմուած դատական մարմիններու գործունէութիւնը մօտէն ուսումնասիրողը կը տեսնէ, թէ այնտեղ պաշտօն ստանձնած մարդիկ, երբ տեսնեն թէ ենթական ճիշդ իրենց գործած յանցանքներէն մէկը գործած է, առաջին պատիժ սահմանողը իրե՛նք կ՛ըլլան անոր համար… Այսպիսով, այնպէս կը խորհին, թէ իրենց յանցանքը քաւուած է կամ գէթ հեռացած իրենցմէ: Քաւութեան նոխազը գտնուած կ՛ըլլայ այսպիսով, իսկ իրենք պահ մը ուշադրութենէ վրիպած եւ մութին մէջ պահուըտած ըլլալ կը կարծեն: Անոնք կը ջանան հազար ու մէկ փաստեր հաւաքել, ցոյց տալու թէ ինչքան ծանր է յանցանքը այդ ենթակային: Մինչդեռ ճիշդ իրենց կատարած սխալներուն կրկնութիւնը ի գործ դրած է ան կամ նոյնիսկ աւելի թեթեւ աստիճանով:
Ահա այս կացութեան համար կ՛ըսուի, թէ նախ Յուդան կը խաչակնքէ…
Բարոյական իմացումով, յանցաւորին կողմէ սխալը իրմէ հեռացնելու գերագոյն ճիգ մըն է այս: Հոգեբաններ խոր գիտակցութեան զգացողութիւնը կ՛ուզեն փնտռել եւ գտնել այս արարքին մէջ:
Սակայն, քրիստոնէական հասկացողութեամբ չի՛ բաւեր միայն գիտակցիլ, այլ պէտք է զղջալ եւ մանաւանդ հատուցել:
Զղջումին հրապարակային տեսակն է, որ յաճախ կը խրտչեցնէ յանցաւորը: Հրապարակային խայտառակութեան եւ հանրային կարծիքի դիմաց վարկաբեկիչ հանգամանք կ՛ունենայ յաճախ հրապարակային զղջումը, որմէ կը խուսափին մարդիկ: Այս է պատճառը, որ մարդիկ ընդհանրապէս վախով ու չափազանց զգուշաւորութեամբ կը ծրարեն իրենց սխալները եւ կը պահեն հողի տակ՝ հազարաւոր մեթր խորութեամբ:
Յուդային նման, բոլորէն առաջ իրենց դէմքը խաչակնքողներ շատ են մեր իրականութեան մէջ: Մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ այդ արտորանքը ունեցող անհատականութիւն մը կայ, որ կ՛ուզէ Յուդային ա՛յս դերը ստանձնել գէթ, որովհետեւ ո՛չ ոք պիտի ուզէր անոր միւս դերը՝ Յիսուսը մատնելու տխրահռչակ պաշտօնը ստանձնել:
Մանկական հոգեբանութեան նման վիճակ մըն է այս, որովհետեւ մանուկներն ալ յանցանքը իրենց վրայէն հեռացնելու ճիգ կը թափեն, սակայն ո՛չ թէ անպայման ամօթխածութենէ մղուած, այլ՝ իբրեւ բնական հակազդեցութիւն: Գիտակցական տարիքին մէջ է, որ մարդ մարդէ ամչնալով, իր յանցանքները կ՛ուզէ ծածկել, եւ եթէ նոյն յանցանքին մէջ բռնուած մէկը դատելու պատեհութիւնը ընձեռուի իրեն, Յուդայէն աւելի առաջ կը խաչակնքէ իր դէմքը, որպէս վկայութիւն իր անմեղութեան…
Բարոյականութեան եւ պարկեշտութեան սահմաններու խորտակումն է այս, որ երբեմն մարդիկ այնքան հեշտութեամբ կը յաջողին իրագործել: Անոնք չեն մտածեր, սակայն, թէ ամօթխածութեան հետեւանքով մարդոցմէ խուսափիլը երաշխիք մը չէ՛ Աստուծոյ դատաստանէն ազատուելուն, ուր հրապարակաւ պիտի յայտնուին աշխարհի բոլոր մարդոց մեծ ու փոքր յանցանքները:
Աստուծոյ դատաստանին դիմաց Յուդայի նման ամէնէն առաջ խաչակնքելը, կեղծ խոստովանութիւններ կատարելը, սուտի իրերայաջորդ օղակներով աճպարարութիւն կատարելը, ո՛չ մէկ արդիւնք պիտի տան, այլ՝ ընդհակառակը, պիտի օգնեն ճշմարտութեան բացայայտումին: Այդ սուտերը պիտի նմանին այն յաւելեալ վկայութիւններուն, որոնք սուտ մը իբրեւ ճշմարտութիւն ներկայացնելու սիրոյն կը յօրինեն մարդիկ, ուրիշները յիմար, իսկ իրենց անձը իմաստուն կարծելով… Յուդային ո՛չ մէկ դերը հաճելի է Աստուծոյ աչքին: