– Եգիպտոսի հարաւային Սինա նահանգի նահանգապետ Խալետ Ֆոտա յայտարարած է, որ Սինայի թերակղզիին վերեւը Հոկտեմբեր 31ին տեղի ունեցած ռուսական օդանաւի ականահարումէն ետք, երկրի զբօսաշրջութեան մարզին կրած վնասները, երկու գլխաւոր վայրերու՝ Շարմ Շէյխի եւ Հուրկատայի մէջ, վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին կազմած են աւելի քան 766 միլիոն տոլար:
– Ամերիկեան դաշնակցային բանտերու բանտարկեալներուն 53 տոկոսը 18 տարիքը չբոլորած առնուազն մէկ զաւակ ունի։