Արթուր Աբրահամ Գերմանիոյ մէջ տարուան լաւագոյն բռնցքամարտիկը հռչակուեցաւ, կը յայտնէ մարզիկի մամլոյ ծառայութիւնը:
Գերմանական «BoxSport» ամսագիրի դատակազմին եւ ընթերցողներուն միջեւ կատարուած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ մասնագիտական բռնցքամարտի գերմիջին կշիռքի դասակարգին մէջ WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանը հաւաքած է առաւելագոյն ձայները: 35ամեայ բռնցքամարտիկը այս տիտղոսին կ՛արժանայ 7րդ անգամն ըլլալով:
Իսկ Արթուր Աբրահամի մարզիչ Ուլի Վակներ ճանաչուած է տարուան լաւագոյն մարզիչը։
Նշենք, որ Աբրահամ իր յաջորդ մենամարտը պիտի ունենայ Ապրիլի 9ին, Լաս Վեկասի մէջ, ուր ան պիտի մրցի 24ամեայ մեքսիքացի Ճիլպերթօ Ռամիրեզի հետ: