ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Բոլորս ալ մեր մանկութեան տարիներուն, հեքիաթներէն շատ աւելի սիրած ենք անոնց սկզբնաւորութեան գրուած «կար ու չկար»ը: Այս նախամուտքը կամ նախաբանը թէ՛ աւելի հետաքրքրական կը դարձնէ հեքիաթը եւ թէ կախարդական մագնիսացումով ունկնդիրը կը կապէ անոր երեւակայական անծայրածիր նիւթին:
Եթէ չէք յիշեր ձեր մեծերու ծունկերուն առջեւ նստած հեքիաթ մտիկ ընելու պահերը ձեր մանկութեան օրերէն, գէթ այսօր կրնաք հետեւիլ քնանալու համար անկողին մտած երեխաներու կիսախուփ աչքերով իրենց ծնողներէն հեքիաթ պահանջելու սպասումին: Անոնցմէ շատեր միայն այդ հեքիաթներուն թեւերով քուն կը մտնեն: Ուշիմ երեխաները նոյնիսկ իրենց քնաթաթախ վիճակին մէջ կ՛իմանան, թէ տուեալ հեքիաթը նախապէս պատմուա՞ծ էր իրենց, թէ նորութիւն է ամբողջութեամբ: Կը պատահի, որ ոմանք նոյն հեքիաթէն հաճոյք կ՛առնեն, պահանջելով որ ամէն գիշեր նո՛յնը պատմուի իրենց: Երբեմն ալ անոնք նո՛րը կը պահանջեն, իսկ ծնողներ անճար՝ հեքիաթներու գիրքեր կը փնտռեն, գոհացնելու համար իրենց երեխաներուն հեքիաթ լսելու անյագ ծարաւը: Անձամբ լսած եմ երեխայի մը՝ «ինծի պատմէ, պատմէ ինծի» ըսելով, ցաւագին աղերսը անկողինին մէջ, քնանալէ առաջ, դեռ նախադասութիւն կազմելու դժուարութեան դիմաց կանգնած:
Հեքիաթները միշտ իրական անձեր ունեցած են իբրեւ հերոսներ կամ տիպարներ, սակայն հետագային անոնք հեքիաթներու արծաթափայլ շրջազգեստները առնելով իրենց ուսերուն, երեւակայութեան անմատչելի լեռները բարձրացած են հրեղէն նժոյգներով ու ժամանակի ընթացքին՝ հեքիաթային անձերու վերածուած…
Մեր դիւցազներգութեան հերոսներն ալ անպայման իրական անձեր եղած պէտք է ըլլան, սակայն յետոյ «աստուածանալով»՝ դիւզազներգութիւններու անսպառ նիւթ հայթայթած: Բնականօրէն ազգի մը հերոսական ապրումներուն եւ ինքնապաշտպանողական պայքարի ոգիին համար կարեւոր են դիւցազներգութիւնները եւ անոնց հերոս դիւցազները:
Հեքիաթները սիրելու մանկական մեր ձգտումն ու անոր հետեւող ապրումները մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին կ՛ընկերանան մեզի: Իրենց ապագային մասին երազող եւ այդ երազներով ապրող մարդոց չե՞նք հանդիպիր ամէն օր: Անոնցմէ քանի՞ն կը յաջողի իրականացնել իր բոլոր երազանքները: Սակայն, բոլորս ալ կ՛երազենք, կը փայփայենք մեր երազները, նոյնիսկ եթէ անոնք անկարելի կամ անիրականանալի թուին մեզմէ շատերուն:
Հետաքրքրական է նաեւ, որ մեր երազներէն որքան իրականացնենք, այդքան ալ կը բաւարարուինք եւ փառք կու տանք մեր այդ յաջողութեան համար, նման այն երեխաներուն, որոնք իրենց պատմուած հեքիաթները լսելով քունի կ՛անցնին: Յաջորդ օրը արդէն նոր օր մըն է եւ նոր «հեքիա»չ պիտի լսենք:
Մարդկային կեանքը երբ իր աւարտին հասնի, մարդիկ զայն կը սիրեն կոչել «երազ» կամ՝ «հեքիա»չ: Ճիշդ է որ այդ երկու բառերը տարբեր իմաստներ ունին ինքնին, սակայն մարդոց միտքին մէջ անոնք տեղ մը կը նոյնանան: Որովհետեւ երազն ու հեքիաթը անրջային նոյն թեւերով կը սաւառնին:
Յիսուն տարի իրարու հետ սիրով ու համերաշխութեամբ ապրած զոյգի մը կինը երբ մահացաւ, ամուսինը շշմած նստած էր անոր անշունչ դիակին մօտ եւ իր սուգը բաժնեցկելու եկողներուն կ՛ըսէր. «Երազի վերածուեցաւ, հեքիաթ դարձաւ…»: Կարծէք ան կ՛ուզէր, որ կնոջ մահէն ետք իրենց կապը այդ ձեւով շարունակուէր, երազի ու հեքիաթի միջոցով դարձեալ միասին ըլլային յաւերժութեան օթեւաններուն մէջ ու կեանքին նայէին վերէն, բարձրէն, անմատչելի բարձունքներէն…
Մահկանացու մարդ էակը իր երկրաւոր կեանքը աւարտելէ ետք հեքիաթի պիտի վերածուի բնական ընթացքով: Մարդուն մահէն ետք մնացողները՝ հարազատներ եւ ծանօթներ, որքան ալ չհաւատան մահուան, որոշ ժամանակ ետք բոլորն ալ պիտի համոզուին անոր երէկ ըլլալուն եւ այսօր չըլլալուն, եւ մեռնողին կեանքը պիտի վերնագրեն հեքիաթներու նախաբանով՝ «կար ու չկար»:
Մարդը մահանալէն ետք անոր հանդէպ սնուցուած այս հեքիաթային հաւատքը բնականօրէն մտածել կու տայ անմահութեան գաղափարին մասին, որ քրիստոնէական դարաշրջանին նուիրագործուեցաւ Քրիստոսի Ս. Յարութեամբ եւ անմահական կեանքով, զոր Ան խոստացաւ տալ բոլոր իրեն հաւատացողներուն:
Հեքիաթներու այս նախաբանը՝ «կար ու չկար», ինծի ու քեզի համար ալ պիտի ըսեն օր մը, մեզի ճանչցողներ: Իւրաքանչիւրիս հեքիաթային կեանքը անշուշտ պիտի տարբերի իրարմէ: Մէկուն մասին պատմուած հեքիաթը կրնայ աւելի երկարաշունչ ըլլալ, ինչպէս որոշ անմահ կերպարներու մասին պատմուող հեքիաթները: Այդ իրական կեանքէ քաղուած հեքիաթներէն ոմանք աւելի մօտիկ պիտի թուին իրականութեան, իսկ ուրիշներ՝ կրնան թէ՛ կարճաշունչ ըլլալ եւ թէ անհաւատալի թուիլ: Կարեւորը այն է, թէ բոլորս ալ մեր կեանքի աւարտին, երբ հեքիաթի վերածուինք, պիտի մտնենք այն գիրքին մէջ, որուն վրայէն ընթերցումներ պիտի կատարեն մարդիկ:
Կասկած չկայ, որ հեքիաթներու պարագային ալ նախասիրութիւններ ունին ընթերցողներ, ըլլան անոնք փոքր տարիքի կամ ըլլան հասուն: Ուրեմն այնպէս պէտք է ապրիլ կեանքը, որ անիկա հեքիաթի վերածուելէ ետք ալ ընթերցողին հաճոյք պատճառէ: Աւելորդ կը համարենք անշուշտ ըսել, թէ դեռ հեքիաթի չվերածուած վիճակի մէջ ալ կեանքին արժէք տալու համար, պէտք է շրջապատին «հաճոյք պատճառող», այսինքն օգտակար կեանքով ապրի մարդ: Ինչ առաւելութիւններ ալ ունենանք այս կեանքին մէջ կամ ինչ հանգամանքներու տէր ալ ըլլանք, ի վերջոյ հեքիաթի նախաբանին պիտի արժանանանք: Այսինքն, մեզմէ իւրաքանչիւրի կենսագրութեան սկիզբը պիտի գրուի հեքիաթներու նախամուտքը՝ «կար ու չկար»:
Երանի՜ անոր, որուն կեանքի հեքիաթը հետաքրքրութեամբ պիտի կարդացուի, նման այն բազմահազար օրինակներով տպուող եւ միջազգային գրադարաններու մէջ վաճառուող մանկական հեքիաթներու գիրքերուն, զորս ձեռք ձգելու համար հերթի կը կանգնին յաճախորդներ: Անոնց կեանքի հեքիաթը գրելու համար միթէ՞ հեղինակը տարբեր գոյնի թանաքով գրած է, կամ միթէ՞ զայն գրողը իր գրիչը ուրիշ կաղամարի մէջ թաթախած է: Չէ՞ որ բոլորս ալ մահկանացու ծնած ենք միեւնոյն աշխարհին մէջ… Եթէ կեանքի հեքիաթները գրելու համար նո՛յն գրիչը, նո՛յն թանաքն ու միեւնո՛յն կաղամարը կ՛օգտագործենք, ուրեմն կան գրութեան ոճի մէջ տարբերութիւններ, որոնք այդ հեքիաթներէն մէկը կամ միւսը կը դարձնեն աւելի հետաքրքրական ու փնտռուած: Ահաւասիկ այս է, զոր կրնանք կոչել կեանքը ապրելու շնորհք, որ աւելի կ՛արժէ, քան այն բոլոր շնորհքները, որոնք իբրեւ ձիրք կը գործածենք մեր ինքնութիւնը կամ մեր հոգիէն բխող արուեստները իրագործելու համար այս կեանքին մէջ:
Կեանքը ապրելու շնորհքը պիտի հանդիսանայ ապագային մեր կեանքի հեքիաթին հիմնական նիւթը, որուն շուրջ կը կառուցուին մնացեալ դէպքերը: Ահա այս առումով, «կար ու չկար»ը որեւէ հեքիաթի սկզբնաւորութեան տեսնելը երբեք երաշխիք չէ անոր շարունակութեան վրայ գտնուող նիւթին հետաքրքրական ըլլալուն: Պէտք է ոճը նիւթին չափ հետաքրքրական ըլլայ, հաճելի կեանքը մահէն ետք ալ հաճելի հեքիաթ ըլլալու համար: