——————————
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
——————————
Այս տարի, 2016ին, Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադրութեան յիսնամեակն է: Ասկէ մեկնած՝ Փետրուար 20ին, արդէն իսկ ծրագրուած է հրապարակային մեծ նախաձեռնութիւն մը: Արժանաւոր կերպով նշելու համար պատմական այս թուականը, ներկայիս շրջանէն ներս տեղի կ՛ունենան նախապատրաստական զանազան աշխատանքներ, տեսակցութիւններ՝ հին ու նոր տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ մանաւանդ սոյն հայ վարժարանի ծննդեան գաղափարը յղացող ու անոր էականութիւնը յարգող անհատներու հետ:
Մեր կարգին, այս առիթով մեր ծրագրած տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Սարգիս Նուռեանի հետ:
Մէկդի դրած աւանդական դարձած հանդիպումներու ներկայացման որդեգրումներն ու սովորական ձեւերը՝ որոշեցինք մեր ընթերցող հասարակութեան եւ անշուշտ հանրութեան ներկայացնել շրջանի պատասխանատու անձնաւորութեանց տեսակէտներն ու թելադրանքները, ակնկալութիւններն ու կազմակերպութեան մօտեցումը՝ հանդէպ հայ դպրոցին եւ հայ կրթական հաստատութեան:
Այսպէս, Սարգիս Նուռեան, ամբողջ տեսակցութեան ընթացքին միշտ շեշտեց՝ ըսելով, թէ «Սփիւռքի ազգային գոյատեւման խարիսխներէն մէկն է եղած հայ դպրոցը, որ միաժամանակ պայմանաւորուած է նախ հայ աշակերտով եւ ապա՝ հայ ուսուցիչով: Կէս դար առաջ, հիմնուելով այս տեսակէտին վրայ՝ շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն, ինչպէս նաեւ ամբողջ կոմիտէութիւնը, ոչ միայն Մոնթեպելլոյէն ներս նոր հայ վարժարան մը հիմնելու գաղափարին համաձայն գտնուած են, այլեւ՝ նիւթապէս օժանդակած անոր հողի գնման եւ շինութեան ծախսերուն»։ Պատմականօրէն իրական եւ հպարտանք առթող իրողութի՛ւն…
«Մեր պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, թէ միայն համախմբուելով կարելի է գոյատեւել, պահպանել հայրենիք, մշակոյթ եւ ազգ», շարունակեց զրուցակիցս։ Ներկայացուցիչ Նուռեան նաեւ աւելցուց, թէ «կոմիտէն մեծապէս կը հաւատայ, որ հայ դպրոցը հայ երեխային հոգին եւ միտքը ձեւաւորող տունն է»։ Եւ դարձեալ պէտք է հաստատել, որ հայ դպրոցը ոչ միայն հայ աշակերտին տունն է, այլ նաեւ՝ միջնաբերդը անոր հոգիին: Հո՛ն է, որ ազգային արժէքներով պիտի կոփուին միտքերը հայ մանուկներուն, որոնք ապագային պիտի դառնան տիպար հայեր եւ անշուշտ՝ տիպար քաղաքացիներ:
Այդ օրերուն, հաւատաւոր պատասխանատուները մեծ հաւատք ունէին դպրոցի հայ մարդակերտումի առաքելութեան. իսկ կոմիտէն, աւելցուց Նուռեան, հարազատի հպարտութեամբ եւ հաստատ՝ մի՛շտ շեշտած է, թէ հայ դպրոցը պատկանած է եւ կը շարունակէ պատկանիլ հայ ազգի բոլոր զաւակներուն, անխտի՛ր:
«Անոր համար էական է նոր շունչ տալ, նոր կեանք տալ հայ դպրոցին, որպէսզի անիկա դառնայ պարարտ հող, ուր պիտի ծաղկին հայ մանուկները եւ մանաւանդ պիտի շարունակեն աւելի մօտէն ճանչնալ իրենց ինքնութիւնը», ըսաւ Նուռեան եւ պարզեց, թէ 1965էն առաջ արդէն իսկ շրջանէն ներս գոյութիւն ունէր հայ վարժարան մը ունենալու միտումն ու գաղափարը:
Այլ խօսքով, այս երազը սկսած էր 1963ին, շրջանի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ, սակայն Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանը պաշտօնապէս իր դռները հայ աշակերտութեան դիմաց բացած է 13 Սեպտեմբեր 1965ին՝ ունենալով 80 աշակերտ-աշակերտուհի, չորս դասարաններու համար:
Այդ օրերուն, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւնը երեք հարիւր հազար տոլարով մասնակից դարձած էր հողի գնման եւ շինութեան ծախսերուն: Կոմիտէն ե՛ւ յարատեւ, ե՛ւ բնականոն, ե՛ւ դժուարին օրերուն, գործնապէս մի՛շտ վարժարանին կողքին կանգնած է ու մինչեւ օրս կը շարունակէ կանգնիլ՝ գերագոյն զոհողութիւններ մատուցելով:
Ունենալով շրջանէն ներս հայկական զանազան միութիւններ՝ ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, եկեղեցւոյ եւ դպրոցի հոգաբարձական կազմեր, ՀԵԴ եւ Պատանեկան ուխտեր եւ խումբեր, այսօր եւս կոմիտէն, կրկին նորոգելով իր ուխտը՝ կը խոստանայ ամէն ճիգ թափել, կանգուն պահելու համար իր գաղութի բոլոր այս զօրասիւները:
Սարգիս Նուռեան նաեւ յայտնեց, թէ 2000 թուականէն ի վեր աւանդութիւն դարձած է, որ «Դրօ» կոմիտէն կազմակերպէ Գառնիկ Սարգիսեանի հրապարակային ելոյթը, որուն ամբողջ հասոյթը կը յատկացուի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին: «Այս տարի ալ, Մայրերու տօնին առթիւ, նոյն նպատակով պիտի կազմակերպուի հրապարակային նման մեծ ձեռնարկ մը», նշեց ան։
Այս բոլորը կը յաջողին, անշուշտ, որովհետեւ շրջանէն ներս գոյութիւն ունի եւ կը շնչէ ուխտապահ հաւաքականութիւն մը, որ գաղութը կը պահէ առողջ եւ կայտառ: «Մեր պայքարի զէնքը՝ հայու ոգիին եւ ապրելու կամքին կողքին, եղած է նաեւ հայ դպրոցի յարատեւ ներկայութիւնը», շեշտեց Նուռեան հպարտօրէն ու մաղթեց Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին նորանոր յաջողութիւններ ու յոբելենական տարիներ:
«Դաշնակցութիւնը մի՛շտ պիտի մնայ հայ դպրոցին կողքին» ըսելով՝ իր խօսքը ամբողջացուց հիւր ներկայացուցիչը:
Մեր կարգին, այս սիւնակներուն յանձնուած խոհերուն, ապրումներուն եւ մաղթանքներուն կողքին, անկեղծ շնորհաւորանք մը կ՛աւելցնենք՝ ուղղուած հայ վարժարանին, որպէսզի շարուանկէ իր առաքելութիւնը ոչ միայն գիտութեան լոյս սփռելով հայ աշակերտներուն, այլեւ ազգային, մարդկային եւ հոգեմտաւոր վեհ արժէքներով պատրաստէ վաղուան հայ հաւատաւոր ղեկավարները:
Վարձքը կատար բոլորին: