ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Յունուար 15-16ին, Լաս Վեկասի «Ուին» պանդոկին մէջ կայացած միութեան 2016ի ձմեռնային հաւաքը յաջողութեամբ պսակուած է։
Ուրբաթ, Յունուար 15ի յետմիջօրէին տեղի ունեցած է Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան ժողովը, որուն ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն եւ առնուած որոշումներուն մասին Շաբաթ, Յունուար 16ի առաւօտեան հաւաքի մասնակիցներուն զեկուցում մը տուած է միութեան ատենապետ Հերի Տիգրանեան։ Ապա տեղի ունեցած է «Հող, մշակոյթ եւ լեզու» խորագրուած քննարկումը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած են հեղինակ եւ իրաւաբան Մեթիու Քարանեան, ինչպէս նաեւ բեմադրիչ եւ վաւերագրող Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեան, իսկ համադրումը կատարած է Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան անդամ Էտվին Մինասեան: Սոյն քննարկման ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին հայկական մշակութային ժառանգութեան քանդումը։
Կէսօրուան ճաշէն ետք կայացած է Լաս Վեկասի հայ համայնքի կազմաւորման եւ նորաշէն Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի կառուցման նուիրուած ներկայացում մը՝ Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Էնտի Արմէնեանի եւ իրաւաբան Լենա Յովհաննէսեանի կողմէ: Ապա, մասնակիցները այցելած են Լաս Վեկասի «Սանսե»չ զբօսայգիին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուած էր անցեալ տարուան Նոյեմբեր 14ին։
Հայ իրաւաբանական միութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armenianbar.com կայքը: