ՖՐԵԶՆՕ.- «Ֆրեզնօ Պի» թերթը կը գրէ, թէ երկու առիթներով Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ ընտրուած Տեպի Փուչիկեան որոշած է չմասնակցիլ նոյն պաշտօնին համար յաջորդ ընտրութեանց, սակայն կրնայ քաղաքական այլ պաշտօնի մը ընտրուելու ջանք տանիլ։
Թերթին համաձայն՝ 63ամ-եայ Տեպի Փուչիկեան կրնայ իր թեկնածութիւնը դնել Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի ընտրութեանց, ներկայացնելու համար 8րդ ընտրատարածքը, որ 1998էն 2006ի միջեւ ներկայացուած էր Տեպիի ամուսնոյն՝ դատաւոր Չաք Փուչկեանի կողմէ։
Նշենք նաեւ, որ Տեպի Փուչիկեան դուստրն է Տիրան Քոլիկեանի, որ հինգ առիթներով Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ ընտրուած է։