
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի երաժշտանոցը կը տեղեկացնէ, թէ իր

անձնակազմի անդամներէն Սթեֆըն Քուք եւ Վաչէ Մանկրեան համերգի մը ընթացքին պիտի ներկայացնեն երկու դաշնամուրներու համար յօրինուած ամերիկեան ստեղծագործութիւններ։
Ուրբաթ, Փետրուար 26ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին կայանալիք ձեռնարկին ընթացքին պիտի ներկայացուին Էրոն Քոփլընտէն, Լենըրտ Պըրնսթինէն եւ Ճորճ Կըրշուինէն կտորներ։
Համերգը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի երաժշտանոցի «Պերե»չ համերգասրահին մէջ (100 North Hill Avenue, Pasadena), իսկ տոմսերու գինը 10 տոլար է։
Տեղեր ապահովելու համար, այցելել americanmusicfortwopianos.bpt.me կայքը կամ դիմել (626) 683-3355 թիւին։