26 ԱՐԻ-ԱՐԵՆՈՅՇՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ՀՄԸՄ-Ի «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆԸ
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի սկաուտական բաժանմունքէն աւելի քան 60 արի-արենոյշներ, Շրջանային վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին ընկերակցութեամբ, Շաբաթ, 13 Փետրուարին մասնակցեցան Մեծ Պահոց սկիզբը ազդանշող ժամերգութեան եւ Տեառնընդառաջի նախատօնակին:
Օրուան քարոզը կատարեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ հասկնալի ու տպաւորիչ ձեւով բացատրելով օրուան իմաստը՝ փոխանցեց, թէ «Տեառնընդառաջի հիմնական պատգամը մեր հաւաքական ընծայումն է Աստուծոյ, մեր հաւաքական նուիրաբերումն է մեր եկեղեցւոյ, մեր հաւաքական նուիրաբերումն է մեր ազգին… Նաեւ այս տօնը Տիրոջ ընդ առաջ երթալու տօնն է, Տիրոջ հանդիպելու տօնն է եւ Տիրոջ հետ դէմ հանդիման գալու տօնն է»: Ան մաղթեց, որ Աստուած իր խօսքերով եւ պատուիրաններով լուսաւորէ ներկաներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն հոգիները:
Հոգեւոր առաջնորդը նաեւ իր գնահատանքը փոխանցեց ՀՄԸՄի սկաուտներու ներկայութեան առթիւ. այդ սկաուտներէն 26ը, հետեւելով առաջնորդին իսկ գլխաւորութեամբ կատարուող ՀՄԸՄի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կրօնական շքանշանի դասընթացքներուն՝ ուրախութեամբ եւ իրաւունքով պիտի ստանայ զայն:
Այդպէս ալ եղաւ: Առաջնորդը, իր քարոզէն ետք, օրհնեց արդէն իսկ միջազգային ճանաչում ունեցող կրօնական շքանշանները եւ մէկ առ մէկ յանձնեց զանոնք համապատասխան դասընթացքներու հետեւած ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն՝ յորդորելով իւրաքանչիւրը, որ «այն դաստիարակութիւնը, այն կարգապահութիւնը, զոր ՀՄԸՄի շարքերէն դուք կը ստանաք, այդ բոլորը յառաջիկայ տարիներուն ձեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ իբրեւ դրութիւն, իբրեւ լուսաւորութիւն պիտի ունենաք. այս առիթով ես կը գնահատեմ ու կ՛օրհնեմ ՀՄԸՄի բոլոր պատասխանատուներն ու Շրջանային վարչութիւնը եւ կը մաղթեմ, որ 2016 տարուան ընթացքին իւրաքանչիւրդ, ձեր ծառայութեամբ դուք ձեզ գերազանցէք, զիրար գերազանցէք, առաւել եւս ծառայէք մեր ազգին, մեր հաւաքական կեանքին, Աստուծոյ եւ մանաւանդ մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան»:
Ժամերգութենէն ետք, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, արարողութեան մասնակից հոգեւորականները, շրջանի ՀՄԸՄի ղեկավարներն ու արի-արենոյշները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան եկեղեցւոյ բակը եւ մասնակից դարձան աւանդական խարոյկը վառելու արարողութեան: Խարոյկին շուրջ անոնք խմբերգեցին ազգային ու կրօնական երգեր. շատեր ցատկեցին խարոյկին վրայէն, ապա օրհնուած կրակէն իրենց վառած մոմերով վերադարձան տուն՝ լուսաւորուած հոգիներով եւ սիրտերով։
Սակայն, երեկոն չէր աւարտած ներկայ ՀՄԸՄականներուն համար, որոնք առաջնորդ հօր, հոգեւորականներուն եւ իրենց ղեկավարներուն հետ պատմական խմբանկար մը ունենալէ ետք՝ առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահը, ուր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ հիւրասիրուեցան աւանդութիւն դարձած միասնական ընթրիքով, «Սիրոյ սեղան»ի շուրջ: Ընթրիքին մասնակցեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ Վաղինակ Պապայեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութենէն ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, Մարօ Քէշիշեան, Արտօ Ղազարեան եւ Պերճ Պետոյեան, Շրջանային Սկաուտական խորհուրդէն ատենապետ Մերուժան Կիտցինեան, Շրջանային խմբապետուհի Շարլին Կիւզէլեան, Շողեր Արիսեան, Ռիթա Կիւլէսէրեան, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, մասնաճիւղերու խմբապետ-խմբապետուհիներ եւ աւելի քան 60 աստիճանաւորներ ու արի-արենոյշներ:
Եզակի այս երեկոյի մասնակիցները ողջունեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց ձեռնարկին ներկայ հոգեւոր հայրերը՝ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան եւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեան: Իսկ ՀՄԸՄականներուն ծանօթանալու համար իւրաքանչիւր սեղանէն հրաւիրեց ներկայացուցիչ մը՝ ներկայացնելու իր սեղանակիցները: Հետաքրքրական եւ քաջալերական էր Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղէն ինը քոյր-եղբայրներու մասնակցութիւնը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ մասնակիցներուն կողմէ: Ապա, տէր հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, որ ամէն տարի սիրով կը ստանձնէ կարեւոր այս նախաձեռնութեան հիւրընկալումը: Քահանայ Աթմաճեան, շնորհաւորելով շքանշան ստացող քոյր-եղբայրները՝ մաղթեց, որ անոնք հաւատքով ծառայեն իրենց շրջաններու եկեղեցիներէն ներս:
Շրջանային վարչութեան կողմէ շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ եւ ձեռնարկի կարեւորութիւնը շեշտեց Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի կապ Արտաշէս Ղազարեան: Ան հոգեկան իր գոհունակութիւնը յայտնեց սկաուտներուն արձանագրած կրօնական կարեւոր այս քայլին համար, որ անպայմա՛ն կարեւոր դեր պիտի խաղայ իրենց կեանքին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ նման գեղեցիկ ծրագիր մը կը հովանաւորէ եւ բծախնդրութեամբ կը հետեւի անոր գործընթացին: Եղբայրը մաղթեց, որ այս դասընթացքները շարունակուին եւ տարուէ տարի առաւել թիւով արի-արենոյշներ ներգրաւեն:
Երեկոյի վերջին բաժինով հայրական իր պատգամը փոխանցեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ շնորհաւորելով կրօնական շքանշանին արժանացած ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրները՝ իր գոհունակութիւնը յայտնեց անոր համար որ «Սիրոյ սեղան»ի շուրջ սկսած տարիներու այս աւանդութիւնը կը շարունակուի մանաւանդ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով: Ան խրախուսեց սկաուտները, որ ըլլան իրենց պարտականութեան գիտակից, իրենց կեանքին մէջ գիտնան նուիրաբերել, մտերմանան Աստուծոյ եւ իր պատուիրաններուն հետ, որպէսզի Աստուծոյ տիպար զաւակները դառնան: Եզրակացնելով՝ առաջնորդ հայրը ըսաւ. «Եթէ մենք Աստուծոյ տիպար զաւակներ ենք, նաե՛ւ հայ ժողովուրդի զաւակներ ենք, հայ քրիստոնեայ զաւակներ ենք: Իսկ երբ մենք Աստուծոյ լոյսը մեր մէջ ունենանք՝ միտքի լոյս, հոգիի լոյս, սրտի լոյս, մեզմէ կը ճառագայթէ պայքար»:
Խորհրդաւոր եւ իմաստալից «Սիրոյ սեղան»ի ընթրիքը վերջ գտաւ ՀՄԸՄի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով: Առաջնորդ հայրը, որ մէկ գիշեր առաջ վերադարձած էր Լիբանանէն, իւրաքանչիւր կրօնական շքանշան ստացողին նուիրեց իւրայատուկ նուէր մը, իսկ մնացեալ մասնակիցներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սրբապատկերն ու մեծ էջի վրայ գեղեցկօրէն պատկերուած Տէրունական աղօթքը: Ան չմոռցաւ նաեւ Շրջանային վարչութեան եւ խորհուրդի անդամները, որոնց իւրաքանչիւրին նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը խորհրդանշող ապակեայ ծաղիկը:
Գիշերուան աւարտին, մասնակից արի-արենոյշները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն՝ Տեառնընդառաջի լոյսով լուսաւորուած հոգիներով: