Սիրելի՛ Ռաֆֆի Տուտագլեան,
«Ասպարէզ»ի մէջ կարդացի նամակդ՝ «Ի՞նչ Կը Սպասէք, Միացէ՛ք Մեզի»: Ահա խորագիր մը եւ պատգամ մը, որ երկար, շատ երկար տարիներէ ի վեր չէինք գտներ մեր մամուլին ու մեր շրջապատին մէջ: Այնքա՜ն առողջ, այնքա՜ն վճիտ, այնքա՜ն առինքնող ու սրտառուչ է ան, երբ աչքի առաջ կ՛ունենանք հազարումէկ ամէնօրեայ տռտռոցները ծոյլ, ձրիակեր, պորտաբոյծ ու գաղափարազուրկ «այլախոհ»ներու, որոնք կը խճողեն Հայաստանը, Օփերայի ու Հանրապետութեան հրապարակները եւ «իշխանափոխութիւն» կը հոլովեն: Որ իրենց միտքին մէջ կը նշանակէ պարզապէս՝ «Դուք շատ կերաք, ձգեցէ՛ք, որ քիչ մըն ալ մե՛նք ուտենք», քանզի ուրիշ իտէալ չենք գտներ իրենց ընթացքին մէջ՝ բացի բարեկեցութեան եւ շուտ ու դիւրին հարստանալու մարմաջէն: Մեր նորանկախ հայրենիքը աւելի ազնիւ զաւակներու կը կարօտէր՝ կայանալու եւ զօրանալու համար, քան ինչ որ ունի: Քու նամակիդ բովանդակութիւնը ահա յուսատու նշոյլ մը կ՛աւետէ:
***
Հիմա կարգ մը մանրուքներ:
Տեառնընդառաջի առթիւ կայացած ձեր հանդիպումը պէտք չունէիր կապելու Saint-Valentine-ի տարեդարձի «միջազգայնացած տօն»ին հետ: Թող գետնին տակը անցնի այդ տօնն ալ ու զայն…
Ընդդամէնը…
Երբ հայերէնը սխալ կը գրուի, ա՛լ պէտք չէ հարցնել, թէ ո՛վ է… սխալագրողը, քանզի մենք բոլորս ենք. ուրեմն սրբագրենք ընդամէնը:
Խաչուող տեսակէտեր…
Պէտք է ըսել խաչաձեւուող տեսակէտներ կամ հակադիր տեսակէտներ, որպէսզի թեթեւցնենք հայերէնի խաչելութիւնը:
Վարվռուն
Քանի մը օր առաջ նամակ մը գրեցի սփիւռքահայ մամուլի գրեթէ բոլոր օրկաններուն՝ «Ազդակ»ի մէկ վրէպին առիթով, թէ բառս վառվռուն է եւ ոչ թէ վարվռուն, բայց մտիկ ընողը ո՞վ է: Եւ ահա այսօր դէմս կը գտնեմ նոյն սխալը՝ յանձինս քու ստորագրութեանդ եւ շատ սիրելի Պօղիկեանի մեղսակցութեան: Վասն զի ամէն մարդ կառչած է ի՛ր «գիտցած»ին եւ բնաւ տրամադրութիւն չունի քիթէն անդին բան մը տեսնելու եւ… գիտնալու: Եւ արեւմտահայերէնի ողբերգութիւնն ալ ճիշդ ա՛յս է. ո՛չ ոք սիրտ ունի նոր բան մը սորվելու:
Շնորհակալութիւն այս առիթին համար:
Վարձքդ կատար, գրիչդ դալար, կեանքդ երկար:
Շարունակէ՛ նոյն… ոգիով:
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԱՆ
Յ. Գ.- Ասկէ 60 տարի առաջ Հայոց պատմութեան արեւելահայ ուսուցիչ մը ունէի Ճեմարանի մէջ՝ Գառնիկ Գիւզելեան անունով, որ կը սիրէր ըսել. «Շարունակի՛ր նոյն… ոտքով»: Հիմա ազգովին կը շարունակենք… նոյն ոտքով: