ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայ երաժիշտ, Մոնքի անուան աշխարհահռչակ միջազգային ճազ մրցոյթի յաղթող Տիգրան Համասեան՝ իբրեւ աջակցութիւն Գիւմրիի անօթեւան ընտանիքներու, 27Փետրուարին հանդէս պիտի գայ իւրայատուկ համերգով, որ տեղի պիտի ունենայ գիւմրեցի անօթեւան ընտանիքի մը խր-ճիթին մէջ։
Համերգին ձեւաչափը չափազանց իւրօրինակ պիտի ըլլայ, քանի որ անիկա տեղի պիտի ունենայ երկրաշարժէն երկար տարիներ ետք տակաւին ժամանակաւոր կացարաններու մէջ ապրողի մը երդիքին տակ:
Այս իրադարձութիւնը կ՛ամրապնդէ այն գաղափարը, որ օրէ օր իր շուրջ կը համախմբէ հարիւրաւոր անձեր։