ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեանը եւ Համաշխարհային դրամատան Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային տնօրէն Մերսի Թեմպոնը 23 Փետրուարին ստորագրած են վարկային համաձայնագիր մը, որով դրամատունը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 55 միլիոն տոլարի վարկ՝ 25 տարի մարման ժամկէտով, 14.5ը՝ արտօնեալ:
Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան հետ ստորագրուած «Տեղական տնտեսութեան եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիր»ի վարկային համաձայնագիրով կը նախատեսուի բարելաւել Հայաստանի ենթակառուցուածքային ծառայութիւններն ու հաստատութիւններուն կարողութիւնները՝ նպաստելով Արարատի, Վայոց ձորի, Կոտայքի եւ Լոռիի մարզերու տեղական տնտեսութիւններուն մէջ զբօսաշրջութեան աւելի մեծ մասնակցութեան: Ծրագիրը նաեւ պիտի օժանդակէ ընտրուած մարզերուն մէջ զբօսաշրջութեան մասնակցութեան աճին, որ տեղի պիտի ունենայ ենթակառուցուածքներուն մէջ ներդրումներու, քաղաքային վերածնունդի, մշակութային ժառանգութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ՝ մասնաւոր հատուածի ներդրումներու խթանումը ապահովող համալիր մօտեցման իրականացման միջոցով: