ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Մարտ 5-6ին Իրան իր կատարած այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա ու Իրան շրջանին մէջ յարանուանական տագնապին վերջ տալու համար պէտք է «հասարակաց տեսլական» մը զարգացնեն: Տաւութօղլու, որ իբրեւ վարչապետ՝ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէր Իրան, այդ երկրի նախագահ Հասան Ռուհանիին հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, թէ Թուրքիա պատրաստ է ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու համար Իրանի հետ ամբողջական կերպով գործակցելու՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրները սուրիական տագնապին վերաբերեալ տարբեր տեսակէտներ ունին:
Իր կարգին, Ռուհանի յայտնեց, որ Անգարայի եւ Թեհրանի միջեւ գործակցութիւնը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման եւ շրջանային հարցերու լուծման: Ան աւելցուց, որ երկու երկիրները հասարակաց նպատակներ ու շահեր ունին եւ պէտք է հասարակաց թշնամիին, այսինքն՝ ահաբեկչութեան դէմ իրենց պայքարին մէջ գործակցին եւ այդ պայքարին վրայ կեդրոնանան. ան շեշտեց. «Շրջանի պետութիւններն ու ժողովուրդները միա՛կն են, որ կրնան անոր խնդիրները լուծել»: