ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».– Ֆրանսիս պապտը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց առաջնորդանիստ հայ կաթողիկէ տաճարին նուիրած է խորհրդանշական քար մը՝ վերցուած Հռոմի Ս. Պետրոսի Մայր տաճարի պատէն՝ իրբեւ նշան միութեան եւ հաղորդութեան:
Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի մամլոյ դիւանին համաձայն՝ պապին անունով քարը ուղարկած է Վատիկանի Ս. Պետրոսի Պապական աթոռանիստ տաճարի լուսարարապետ կարտինալ Անճելօ Կոմասթրի՝ յատուկ նամակի մը ընկերակցութեամբ: 8 Դեկտեմբեր 2015 թուակիր նամակին մէջ կարտինալը գրած է, որ Պապին նուիրած քարը զետեղուած էր Ս. Պետրոսի տաճարի Ս. Դրան մէջ, 2000ին՝ ձեռամբ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի: Քարը Ս. Պետրոսի տաճարէն վերցուած է Ողորմութեան յոբելենական տարուան բացման առթիւ՝ 8 Դեկտեմբեր 2015ին, Անարատ Յղութեան տօնին: Գրուած է նաեւ, որ այս քարը կը նուիրուի «իբրեւ նշան սերտ հաղորդութեան սրբազան քահանայապետին հետ, որ յաջորդն է Պետրոս առաքեալին, եւ որպէս մասնակցութիւն հոգեւոր շնորհներու յոբելենական տարուան»:
Կարտինալ Անճելօ Կոմասթրի այնուհետեւ կը գրէ. «Լիայոյս ենք, որ Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ընթացքին ձեր սիրտերը խաղաղութեամբ կը լեցուին, ինչ որ աստուածատուր շնորհ մըն է, որպէսզի կարողանաք սերմանել սիրտերուն մէջ բոլոր այն մարդոց, որոնք պիտի հանդիպին ձեզի»: Ըստ առաջնորդարանի հաղորդագրութեան, խորհրդանշական քարը պիտի զետեղուի Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պատին մէջ։