ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նիւ Եորքի մէջ կայացած շարժապատկերի «Socially Relevant Films» միջազգային փառատօնին ընթացքին, 32 երկիրներէ ներկայացուած ֆիլմերուն կողքին այս տարի ցուցադրուեցան նաեւ հայութեան առնչուող կամ հայերու կողմէ պատրաստուած ութ ֆիլմեր։ Անոնցմէ մէկն էր եգիպտացի բեմադրիչ Մուհամմատ Հանաֆիի «Ո՞վ Սպաննեց Հայերը» ֆիլմը, որ շահած է «Ունկընդիրներու» մրցանակը, մինչ նոյն ֆիլմի արտադրող Միրիամ Զաքի շահած է կանանց հեղինակութիւնը աւելի ցցուն դարձնելու նպատակով հաստատուած Վանիա Էքսերճեանի անուան մրցանակը։
Նշենք, որ ֆիլմին մէջ կը պատմուին 1894-1896 թուականներու Համիտեան ջարդերուն, 1909ի Ատանայի կոտորածներուն եւ 1915ին սկսած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ 70 վայրկեաննոց ֆիլմին մէջ նաեւ ներկայացուած են վերապրողներու վկայութիւններ, իսկ անոր նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ:
Նշեալ փառատօնին գլխաւոր մրցանակը շահած է եգիպտացի բեմադրիչ Ահմատ Աթեֆի «Գարունէն Առաջ» ֆիլմը, իսկ լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմի գլխաւոր մրցանակը տրուած է ամերիկեան եւ յունական միացեալ արտադրութեամբ՝ Սթրավլուլա Թոսքայի «Ձիթապտուղի Ծառին Տակը» ֆիլմին։
Ամերիկահայ յայտնի դերասան եւ արտադրող Նորա Արմանիի կողմէ 2013ին հիմնադրուած սոյն փառատօնին նպատակն է իրազեկութիւնը բարձրացնել ընկերային շարք մը հարցերու շուրջ եւ շարժապատկերի միջոցով՝ դրական լուծումներ առաջարկել այդ հարցերուն:
Փառատօնին մասին ամբողջական տեղեկատուութեանց համար, այցելել www.ratedsrfilms.org կայքը։