ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 4 Ապրիլին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը՝ հաստատելով, որ նախարարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ միջազգային հանրութեան արձագանգին եւ հակամարտութեան կողմերուն ուղղուած կոչերուն: Նշուած է, որ 2 Ապրիլէն ի վեր միջազգային հանրութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի առնչութեամբ իրադրութեան ապակայունացման վերաբերեալ: Յատուկ կերպով շեշտը դրուած է այն երեւոյթին վրայ, որ Ատրպէյճան իր այս գործողութեամբ խախտած է միջազգային զանազան փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ կը գործէ պատերազմական ահաւոր ոճիրներ, որոնց համար պատասխանատուութեան պէտք է ենթարկուի։ «Մասնաւորապէս, բոլոր միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւնները եւ առանձին պետութիւնները հակամարտութեան կողմերին տարբեր ձեւակերպումներով կոչ են անում դրսեւորել զսպուածութիւն, դադարեցնել ռազմական գործողութիւնները, զերծ մնալ իրադրութիւնը լարելու քայլերից եւ այլն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ընդգծած է, որ Հայաստան կը հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին անվտանգութեան երաշխաւորը: Միեւնոյն ատեն, որպէս ռազմական գործողութիւններուն չմասնակցող կողմ՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յատկապէս գնահատելի նկատած է այն հանգամանքը, որ այդ կոչերը ուղղուած են փաստացի այդ գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուած կողմերուն՝ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն: Համակարծիք ըլլալով ռազմական գործողութիւններու կասեցման կոչերուն՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնած է այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ուժերուն միջեւ զինադադարի դրութեան հաստատման համար, քաղաքական յայտարարութիւններէն զատ, անհրաժեշտ է համաձայնեցնել եւ իրականացնել յստակ նախաձեռնութիւններ՝ մշակել զինադադարի սահմանման թեքնիք պայմանները, իրականացնել հակամարտող ուժերու հեռացում/բաժանում եւ զինադադարի պահպանման մեքանիզմներ:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ միջազգային հանրութեան, որուն մէջ յատկապէս մարդու իրաւունքներու, մարդասիրական խնդիրներով զբաղող միջազգային կազմակերպութիւններուն ուշադրութեան յանձնած է այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւնները կը հանդիսանան իսկական խախտում ՄԱԿի Կանոնադրութեան, 1970ին Պետութիւնների միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու վերաբերեալ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հռչակագիրին, ԵԱՀԿի 1975 թուականի «Եզրափակիչ ակտի եւ Հելսինքեան գործընթաց»ի այլ փաստաթուղթերուն, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու։
Նախարարութիւնը նաեւ լուսարձակի տակ առած եւ դատապարտելի նկատած է Ատրպէյճանի կողմէ գործուած ռազմական ոճրագործութիւնները։ «Ադրբեջանի կողմից սանձազերծուած ռազմական գործողութիւնների ընթացքում ի յայտ են բերուել նաեւ ադրբեջանական զինուած ուժերի եւ զինուած խմբաւորումների կողմից Լեռնային Ղարաբաղի զինծառայողների եւ քաղաքացիական բնակչութեան հանդէպ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւնների ձեռագրով իրականացուած բազմաթիւ գործողութիւններ, որոնք, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համաձայն, հանդիսանում են ռազմական յանցագործութիւններ: Դրանցից առաւել ակնյայտ են զինուած ընդհարումներին այլեւս չմասնակցող կոմբատանտների եւ ռազմագերիների խոշտանգումները, ընդհուպ գլխատումները, դրանց նկարահանումները եւ ահաբեկչական նպատակով ցուցադրումը, այդ ուժերի վերահսկողութեան տակ մնացած խաղաղ բնակչութեան սպանութիւնները, դիակների խոշտանգումները եւ այլն: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարում է. իրականացուած միջազգային իրաւունքի խախտումների եւ պատերազմական յանցագործութիւնների համար թէ՛ Ադրբեջանի իշխանութիւնները, եւ թէ ռազմական յանցագործութիւններ կատարած անձինք իրաւական պատասխանատուութեան պէտք է ենթարկուեն, այդ թւում՝ միջազգային հանրութեան առջեւ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։