Ապրիլ 1ին, Ատրպէյճանական ուժերը լայնածաւալ յարձակում մը շղաթայազերծեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ՝ խլելով շարք մը զոհեր: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանական ուժերու կողմէ կատարուած յարձակումը եւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային համայնքին աներկբայօրէն դատապարտելու այս վերջին անխնայ եւ անպատասխանատու յարձակումը:
ՀԲԸՄը կը պահանջէ միջազգային հաշտարար կողմերէն, Եւորպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսկի խումբին կողքին, ոչ միայն կարելի ամենաուժգին արտայայտութեամբ դատապարտել խախտումի այս արարքը, այլեւ որդեգրել ազդու միջոցառումներ, ապահովելու համար Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ զինադադարի ամբողջական յարգումը:
ՀԲԸՄը միակամ կը կանգնի աշխարհի տարածքին բոլոր հայերու եւ յատկապէս Ղարաբաղի ժողովուրդին կողքին, այս ծանր պահուն ձայնակցելով անոնց բողոքին, նաեւ կը բաժնէ ազերի ասպատակութեան իբր արդիւնք, քաջարի զինուորներու եւ քաղաքացիներու զոհաբերումի ցաւը: Մենք կը յայտարարենք մեր անխախտ զօրակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին եւ հայ զինեալ ուժերուն, հայրենիքի պաշտպանութեան իրենց պայքարին մէջ:
Մեր կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր ազգերուն, միջազգային կառոյցներուն, մարդասիրական եւ խաղաղարար կազմակերպութիւններուն, իրենց բողոքի եւ դատապարտութեան ձայնը լսելի դարձնելու այս յարձակումներուն դէմ, որոնք կը սպառնան ոչ միայն տարածաշրջանային, այլ նաեւ միջագային խաղաղութեան եւ ապահովութեան: