2 Ապրիլի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ատրպէյճանական բանակը նախայարձակ քայլերով անգամ մը եւս սահմանային ամբողջ գիծին վրայ դիմեց մարտական լայնածաւալ գործողութիւններու, որոնք ստացան արժանի ու համապատասխան դիմադրութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղի բանակին կողմէ: Ազերիական կողմը ունի մարդկային ծանր վնասներ, ինչպէս նաեւ՝ սպառազինման ակներեւ կորուստներ, որոնց շարքին՝ երկու ուղղաթիռներ եւ երեք հրասայլեր: Ինչ կը վերաբերի հայկական մեծաքանակ կորուստներու լուրերուն, ապա անոնք անգամ մը եւս ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւն են միայն ու չեն համապատասխաներ իրականութեան, ինչպէս կը հաստատէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական բանբերը:
Ատրպէյճանական այս գործողութիւնները 1994էն ասդին կը նկատուին ամէնէն լայնածաւալը եւ աննախադէպ են: Մարտերը կը շարունակուին տարբեր ուղղութիւններով, իսկ սահմանային իրավիճակը կը շարունակէ մնալ գերլարուած:
Ատրպէյճանի այս յանցագործ ընթացքը կը նկատենք ԼՂՀի ժողովուրդին եւ պետականութեան նկատմամբ ահաբեկչութիւն: Այս հոլովոյթին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ պաշտօնական Պաքուն: Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին, յատկապէս՝ Մինսկի խումբին, որուն եռանախագահներէն՝ Ֆրանսան, որ անյապաղ միջամտէ ու դադրեցնէ ատրպէյճանական այս մոլեգնութիւնը, որ խորքին մէջ ուղղուած է ոչ միայն հայկական կողմին, այլեւ նոյնինքն համանախագահող երկիրներուն:
Յառաջիկայ օրերուն, ֆրանսահայութիւնը տարբեր նախաձեռնութիւններով իր ընդվզումն ու բողոքը պիտի արտայայտէ արդարօրէն, պիտի պահանջէ առ որ անկ է՝ խստագոյն ու վճռորոշ միջամտութիւն, միաժամանակ վերյիշեցնելով բոլորին, որ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ու պետականութեան անվերապահօրէն զօրավիգ, բոլո՜ր միջոցներով՝ անխտիր:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ