ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ղարաբաղի ու Ատրպէյճանի միջեւ վերջին քանի մը օրերուն շարունակուող զինեալ պայքարը շատ լայն արձագանգ գտած է թրքական մամուլին մէջ, ուր Հայաստանը ցոյց կը տրուի որպէս նախայարձակ երկիր։ Թրքական մամուլը կը պնդէ, որ 12 ատրպէյճանցի զինուորներ մեռած են, բայց հայկական կողմը հարիւրաւոր զոհեր ունի։
Նախագահ Էրտողան այս առթիւ յայտնած է, թէ ինք արդէն իսկ Ամերիկայէն փնտռած է իր «եղբայր» Ալիեւը ու ցաւակցութիւն յայտնած է անոր՝ սպաննուած ատրպէյճանցի զինուորներուն համար։ Թուրքիոյ նախագահը անգամ մը եւս դիտել տուած է, թէ Ղարաբաղի հարցին մէջ Թուրքիա մինչեւ վերջ պիտի կանգնի Ատրպէյճանի կողքին։
«Աստուծմէ կը մաղթենք, որ մեր ատրպէյճանցի եղբայրները այս կռիւէն յաղթական դուրս գան՝ նուազագոյն կորուստով», ըսած է Էրտողան, որ միւս կողմէ Հայաստանը ամբաստանած է հիւլէական ռումբ պատրաստելու մեղադրանքով…
Էրտողանի այս արտայայտութեան դէմ քննադատութիւններ եկան Հայաստանէն։ Արդարեւ, ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ, որ Էրտողանի արտայայտութիւնը ցեղապաշտական է եւ Ատրպէյճանը կը քաջալերէ դէպի կռիւ ու պատերազմ։ «Շատ ցաւալի է, որ Թուրքիա մարդկային կորուստներու կարեւորութիւնը կը չափէ՝ մեռեալներուն ազգութեան նայելով», ըսաւ Քոչարեան։
Թրքական աղբիւրները նաեւ կը յայտնեն, թէ ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ, ատրպէյճանական ուժերուն կ՛աջակցին Թուրքիայէն ուղարկուած ռազմական հրամանատարներ եւ վարձկաններ: