
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն եւ Ռապըրթ Տոլտ, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Լրաքաղութեան յատուկ յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էտըմ Շիֆ եւ Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Պրետ Շըրմըն, Արցախի դիրքերուն վրայ ատրպէյճանական յարձակումներէն քանի մը օր ետք, Պաքուն դատապարտող յայտարարութիւններ կատարած են։
«Խստօրէն կը դատապարտեմ ատրպէյճանական բռնարարքները եւ ձայնս նախագահ Օպամային միացնելով՝ կոչ կ՛ընեմ կացութիւնը հանդարտեցնելու։ Նախագահ Ալիեւ կը շարունակէ ընդդիմանալ տագնապին բանակցային լուծում մը գտնելու միտող միջազգային ջանքերուն, իսկ ատրպէյճանական այս կեցուածքը անընդունելի՛ է։ Կոչ կ՛ընեմ Օպամայի վարչակարգին եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին, որ պատասխանատուութեան կանչեն Ատրպէյճանը», յայտարարած է Փալոն։
«Անգամ մը եւս կը տեսնենք, թէ Ատրպէյճան մէկ կողմէ բան մը կ՛ըսէ, իսկ միւս կողմէ՝ ըսածին հակառակը կ՛ընէ։ Կը յուսամ, որ Օպամայի կառավարութիւնը վերջ կու տայ կողմերը հաւասարապէս պատասխանատու նկատելու քաղաքականութեան, որ իրականութեան չի համապատասխաներ։ Միայն Ատրպէյճանը իր արարքներուն պատասխանատու նկատելով կարելի պիտի ըլլայ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնել», ըսած է Տոլտ։
Իր կարգին, Շիֆ յայտարարած է, թէ «խորապէս մտահոգ է» ատրպէյճանական բռնարարքներով եւ դատապարտած է զանոնք՝ միաժամանակ շեշտելով, որ շաբաթավերջի իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ ամերիկեան կառավարութեան մօտեցումը արդիւնք չի տար, յատկապէս որովհետեւ յարձակումները սկսան Ալիեւի եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ հանդիպումէն քանի մը օր ետք միայն։
Նաեւ, Շըրմըն «խորապէս յուսախափ ընող» որակեց ատրպէյճանական յարձակումները՝ դարձեա՛լ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, որ կասեցնեն Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս եւ նոյն յանձնախումբի անդամ Պրետ Շըրմըն անցեալ ամիս նամակով մը կոչ ըրած էին նախագահ Օպամային, որ Ալիեւի հետ իր հանդիպումին ընթացքին պահանջէ, որ Պաքուն վերջ դնէ Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատել միտող Ռոյսի եւ քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլի առաջարկներու գործադրութեան խոչընդոտման:
Այդ առաջարկներն են՝
– Արձակազէններու եւ ծանր զէնքերու հեռացումը շփման գիծէն.
– ԵԱՀԿի հսկողութեան տակ գտնուող եւ յարձակումներու պատասխանատուն բացայայտելու նպաստող սարքերու տեղադրում.
– ԵԱՀԿի յաւելեալ դէտերու հաստատում սահմանին վրայ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներուն այս յայտարարութիւնները։