ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Քրեմլին»ի աղբիւրները կը տեղեկացնեն, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ապրիլ 5ին հեռախօսային զրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ եւ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակը։
«Արցախփրէս» կ՛աւելցնէ, թէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահները կարեւոր համարած են բանակցային գործընթացի վերսկսումը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու աջակցութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած յետագայ ուղիներ գտնելու նպատակով:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը նշէ, թէ Փութին լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է լայնածաւալ ռազմական բախումներուն կապակցութեամբ, որոնք բազմաթիւ զոհեր պատճառած են եւ կողմերուն կոչ ըրած է պահպանել զինադադարը: Ան նշած է նաեւ, որ Ռուսիա իրականացուցած է եւ պիտի շարունակէ իրականացնել անհրաժեշտ միջնորդական քայլեր՝ նպաստելու համար իրավիճակի կարգաւորման:
Կողմերը որոշած են շարունակել շփումները՝ տարբեր ձեւաչափերով: