ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ 5 Ապրիլին տեղի ունեցած է շփման գիծին մէջ ատրպէյճանական յարձակումներուն դէմ դնելու ատեն զոհուած Արմենակ Ուրֆանեանի հոգեհանգիստը՝ ներկայութեամբ հարազատներու եւ ծառայակից ընկերներու:
4րդ հրաձգային վաշտի հրամանատար, հարիւրապետ Արմենակ Ուրֆանեան իր անձնակազմին հետ երկար մարտի բռնուած է հակառակորդին հետ: Հակառակորդին գերազանցող ուժերու ճնշման տակ անձնակազմը ետ ուղարկելով՝ առանձինն շարունակած է մարտը՝ խոցելով մէկ հրասայլ եւ շուրջ մէկ տասնեակ թշնամի զինուոր: Վերջաւորութեան քանի մը նռնակներ նետելով ան չէ արտօնած, որ զինք շրջապատեն, իսկ վերջին նռնակով պայթեցուցած է ինքզինք եւ իրեն մօտեցողները։
Արմենակ Ուրֆանեան 26 տարեկան էր, զինուորական շարքերուն մաս կը կազմէ 2007 թուականէն։
Պռավօ: Ասի թէ հերոս եւ թէ նահատկ է: Երկու տիտղոս տալու է: