ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Հայ եկեղեցւոյ շարականներու եւ հայ հոգեւոր երգերու Տիգրան Համասեանի իւրայատուկ մեկնաբանութիւնները համադրող «Լոյս Ի Լուսոյ» համերգը, Շաբաթ, Ապրիլ 30ին, երեկոյեան ժամը 8ին պիտի ներկայացուի Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Ռոյս» սրահին մէջ։ Աշխարհահռչակ դաշնակահարին պիտի ընկերանան Երեւանի Սենեկային երգչախումբի անդամներ։
Սոյն համերգներու շարքը (աւելի քան 100) սկսած է Մարտ 2015ին, Երեւանի մէջ, որմէ ետք ներկայացուած է Պատմական Հայաստանի շարք մը քաղաքներու, ինչպէս նաեւ՝ Վրաստանի, Թուրքիոյ, Լիբանանի, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Չեխիոյ, Իրլանտայի, Լիւքսեպուրկի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Նոյն անունը կրող այս ստեղծագործութեանց ալպոմը հրապարակուած է հեղինակաւոր ECM ընկերութեան կողմէ։
Համերգի տոմսերուն սակը 19էն 59 տոլար է. տոմսերը տրամադրելի են cap.ucla.edu կայքին վրայ կամ (310) 825-2101 թիւով։