ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ապրիլ 7ին, Միմար Սինանի անուան գեղարուեստի համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական բացիկներու յատկանշական ցուցահանդէսի մը, որուն նպատակն է լոյս սփռել հայ եւ թուրք ժողովուրդներու համատեղ ապրելու 800ամեայ մշակոյթին վրայ։ Ցուցահանդէսը կը կրէ իմաստալից խորագիր մը՝ «Ո՛չ թէ մոռնալու, այլ յիշելու ժամանակն է», եւ կը ներկայացնէ 1895-1914 տարիներէն բացիկներու իւրօրինակ նմոյշներ, որոնք ընտրուած են Օրլանտօ Գարլօ Գալումենոյի հարուստ հաւաքածոյէն։ Անոնք կը ցոլացնեն հայոց կեանքը Պոլսոյ եւ Անատոլուի մէջ։
Ցուցահանդէսին նպատակն է գտնել հետքերը ցաւալի եւ ուրախալի այն ապրումներուն, զորս հարիւրամեակներ շարունակ Անատոլուի տարբեր շրջաններու մէջ իրարու հետ բաժնած են հայ եւ թուրք ժողովուրդները՝ ստեղծելով մշակութային հասարակաց մեծ ժառանգութիւն մը։
Ցուցահանդէսի առանձնայատկութիւնն այն է, որ անիկա հովանաւորուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ. անոր բացման ներկայ էր փոխնախարար Նաճի Գորու։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Ապրիլ 29։
Բացումին ներկայ էին նաեւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Լեւոն արք. Զէքիեան, հիւրընկալ համալսարանին վերատեսուչը՝ փրոֆ. Եալչըն Գարայաղըզ, դիւանագէտներ եւ այլ պաշտօնատարներ։
Բացիկները ներկայացուած են թէ՛ մեծադիր վահանակներու վրայ՝ յատկանշական բացատրութիւններով ու տեղեկութիւններով, եւ թէ խումբ առ խումբ։ Բացման խօսքը արտասանեց փրոֆ. Գարայաղըզ, նշելով, որ հպարտութիւն ու պարծանք կը զգայ մասնիկը հանդիսանալով այնպիսի ձեռնարկներու, որոնք կը սարքուին համերաշխութեան, եղբայրութեան ու հաշտութեան անունով։
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ փոխնախարար Գորու, որ կրկնեց, թէ ցուցահանդէսը կազմակերպած են՝ ներշնչուելով միասնաբար ապրելու այն մշակոյթէն, զոր հայ եւ թուրք ժողովուրդները կերտած են հարիւրամեակներ շարունակ, մինչեւ մօտիկ անցեալի ծանր դէպքերը։ «Այս ցուցադրութիւնը, իր հարուստ տեսականիով, այցելուներուն պիտի ներկայացնէ հայերու տեղն ու դերը Անատոլուի մշակոյթին մէջ», ըսաւ Գորու, որ նաեւ անդրադառնալով «1915ի դէպքերուն»՝ ըսաւ. «Թուրքիոյ պետութիւնը չ՛ուրանար այն խորունկ ցաւերը, զորս ապրեցան Օսմանեան կայսրութեան բոլոր ժողովուրդները, Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ կայսրութեան փլուզման վերջին օրերուն։ Բայց ճիշդ չենք նկատեր նաեւ, որ պատմութեան գնացքը սառեցուի կէտի մը վրայ եւ անտեսուի հարիւրամեայ պատմութիւնը, միակողմանի պատում մը պարտադրուի, եւ անկէ մեկնելով, փոխանակ խաղաղութիւնն ու երկխօսութիւնը քաջալերուի՝ շրջանային կռիւներ հրահրուին»։
Գորու աւելցուց նաեւ, որ այն երկիրները, որոնք պատմութեան այս էջերը կը գործածեն քաղաքական իրենց նպատակներուն համար, թէ՛ թուրքերուն, եւ թէ հայերուն վնաս կը պատճառեն։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի վերջին իրադարձութեանց՝ ըսելով, որ Թուրքիա դարձեա՛լ կոչ կ՛ուղղէ, որ Հայաստան «վերջ տայ ատրպէյճանական հողերու բռնագրաւման»։
Ձեռնարկի երկրորդ բաժինով հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններուն մեկնաբանութեամբ հանդէս եկաւ Պոլսոյ պետական դասական թուրք երաժշտութեան երգչախումբը, իսկ վերջաւորութեան սրտայոյզ ելոյթ մը ունեցաւ թառահար Արա Տինքճեան, որ Անատոլուի հողերուն վրայ թրծուած մեղեդիներով տիեզերական երաժշտական լեզու մը ստեղծած է։ Արա Տինքճեանի ելոյթը յոտնկայս ծափահարութիւններու արժանացաւ։